
ԹԱՒՐԻԶ.- Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերին, պաշտօնական հանդիպումով թեմական բոլոր կառոյցներու անունով, Ազգային իշխանութեան Երեփոխանական ժողովի, Ազգային վարչութեան ու յարակից բոլոր մարմիններուն անունով, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ ներկայացուց Արեւելեան Ատրպատականի նորընտիր նահանգապետ դոկտ. Ճապպարզատէին:
Երեկոյեան ժամը 6ին, նահանգապետարանին մէջ կայացած պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Արա Մելիքեան, ատենադպրուհի Արմինէ Վահրամեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ճանանեան, ատենադպրուհի Անի Յակոբեան, եւ անդամներ Աշոտ Խզրիեան, Վարդան Աբրահամեան եւ Գագիկ Ճորճեան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Փոքրամասնութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Հիւսէյն Մուսաւի:
Նահանգապետին իր նոր պաշտօնին համար յաջողութիւն մաղթելէ ետք, թեմակալ առաջնորդը անդրադարձաւ Ատրպատականի հայոց թեմի գործունէութեան թէ՛ Արեւելեան եւ թէ Արեւմտեան նահանգներէն ներս, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքական ու ընկերային կեանքին հայ համայնքի գործօն մասնակցութեան, ու ընդհանրապէս երկիրի բարգաւաճման վաղ ժամանակներէն սկսած բերած անոր նպաստին:
Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը շեշտելով, թեմակալ առաջնորդը ըսաւ. «Միաստուածեան այս երկու կրօններու ծննդավայրը Միջին Արեւելքն է: Քրիստոնեայ եւ իսլամ, իրենց սկզբնական շրջանէն մինչեւ այսօր միասին կ՛ապրին: Ներկայ միջ-կրօնական ժամանակաշրջանին ուրիշ կարեւոր ընելիք ունին այս երկու կրօնները: Ատիկա մարդկութեան կեանքը ապականող բոլոր տեսակի դժուարութիւններու դէմ պայքարիլն է: Ըլլան անոնք քաղաքական խնդիրներ, ընկերային խնդիրներ թէ բարոյական սայթաքումներ: Ահա՛ թէ ինչպէս այս երկու կրօնները կրնան համագործակցիլ: Իրարու կողքին ապրիլը բաւարար չէ՛, պէտք է համագործակցիլ, մարդկութեան բարիքին համար», ընդգծեց թեմակալ առաջնորդը:
Դոկտ. Ճապպարզատէ, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան ու բարեմաղթանքներուն համար, գովասանքով արտայայտուեցաւ Ատրպատականի հայութեան ու ընդհանրապէս իրանահայութեան դրական ու շինիչ ներկայութեան, եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը խոստացաւ, նահանգին մէջ հայութեան կեանքը աշխոյժ պահելու համար: Ան անդրադարձաւ հայերու հետ իր գործակցութեան, յատկապէս Իրանի Իսլամական Խորհրդարանէն ներս երեսփոխանական իր տարիներուն, ինչպէս նաեւ Թաւրիզի հայկական թաղամասերուն մէջ բնակած շրջանին:
Նահանգապետ Ճապպարզատէ դրուատիքով խօսեցաւ նաեւ Իրանի Իսլամական Խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն մասին, որոնք իրանցիի չափ ու երբեմն աւելի Իրանի իրաւունքներուն պաշտպան կը հանդիսանան: Ան մեծ կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ, թէ իրանահայ համայնքը անկախ իր կրօնական, ազգային ու լեզուական տարբերութիւններուն, ի պահանջել հարկին, երկիրի սահմաններու պաշտպանութեան համար արեան գնով իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարած է: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ Ատրպատականի մէջ հայերու ձեռք բերած որակեալ արդիւնքներուն համար՝ կրթական բնագաւառի, արուեստներու թէ արհեստներու մէջ, ու խոր փափաք յայտնեց բոլոր միջոցներով պահպանելու որակաւոր հայութեան պատուական ներկայութիւնը շրջանէն ներս:
Հանդիպման ընթացքին թեմակալ առաջնորդին կողմէ ներկայացուեցան որոշ խնդիրներ, որոնք յառաջիկային պիտի նպաստեն Ատրպատականի հայոց թեմի զաւակներուն կեանքը աւելի հեզասահ դարձնելու: Ապա, որպէս յուշանուէր, նահանգապետին յանձնուեցաւ հայկական մանրանկարչութեան խորհրդապատկերներով պատրաստուած շնորհաւորագիր, որուն վերի խորանը կը զարդարէին Արտազի Ս. Թադէի ու Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքերը՝ համայն Իրանի հնագիտական բարձր արժէք ներկայացնող պատմական կոթողները: