Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25ի յետմիջօրէին, Սուլէյմանիէի Աուճեթ Ալ Ճըպ եւ Թելեֆոն Հաուայի շրջաններուն մէջ ինկած ռումբերու հետեւանքով երկու հայեր վիրաւորուած են:
«Գանձասար»ի աշխատակից Զարմիկ Պողիկեան կը տեղեկացնէ, թէ վիրաւորուած են Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի ուսանող Անի Դաւթեան եւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտ Արա Արամեան:
Ընտանիքի մը անդամներու վիրաւորուած ըլլալու մասին լուրեր կան, սակայն տակաւին մանրամասնութիւններ չկան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.