ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրէին, Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոս միաբան հայրերու ընկերացութեամբ այցելեց «Թռչնոց Բոյն», ուր դիմաւորուեցաւ Գայանեան քոյրերուն, տնօրէնութեան ու խնամակալութեան անդամներուն կողմէ։ Ապա, հայրապետը աշակերտութեան հետ ժամանակ անցուց, լսեց անոնց նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան յատուկ երգերն ու արտասանութիւնները եւ անոնց նուէրներ բաժնեց։
Նշենք, որ «Թռչնոց Բոյն»ը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգածութիւնը եւ կաթողիկոսի յատուկ խնամքը։ «Թռչնոց Բոյն»ը Սփիւռքի այն միակ հաստատութիւնն է, ուր անօգնական եւ աղքատ ընտանիքներու զաւակներ կը պատսպարուին, ուսում ու կրթութիւն կը ստանան, ապագային բարենպաստ կեանքի պայմաններ ունենալու ի խնդիր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.