
ՊՈԼԻՍ, ԱՆԳԱՐԱ, «Մարմարա», «Ռոյթըրզ».- Քանի մը օրէ ի վեր շատ յստակ կերպով կը տեսնուի, որ զանազան թուրք նախարարներու ու անոնց ընտանիքներուն ուղղեալ ապօրինութիւններու ու կաշառակերութեան ամբաստանութիւնները դժուար դարմանելի ճեղքեր գոյացուցած են թէ՛ դատական համակարգէն եւ թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շարքերէն ներս։ Նախ՝ առաջ քշուած հարցաքննութիւններու ու կատարուած ձերբակալութիւններու հարցին մէջ դատախազին պնդումները բեկանուեցան աւագ դատախազին կողմէ, ոստիկանութիւնը մերժեց գործադրել կառավարական հրահանգները, ապա Դատաւորներու եւ դատախազներու խորհուրդը կառավարութեան դէմ վճիռներ արձակեց, իսկ կառավարութիւնը շատ խիստ լեզուով քննադատեց խորհուրդը։
Դատաւորներու եւ դատախազներու խորհուրդը ապօրինի նկատած էր կառավարութեան այն պահանջը, թէ ոստիկանները պէտք է գործադիր իշխանութեանց բացայայտեն իրենց հետախուզութեանց մանրամասնութիւնները:
Նաեւ, Հինգշաբթի օր պաշտօնազրկուած դատախազ Մուամմեր Աքքաս յայտարարեց, թէ իշխանութիւնները ապօրինի միջոցներու կը դիմեն՝ զեղծարարութեանց հետաքննութիւնը ձախողութեան մատնելու համար:
Այս քաոսային վիճակին վրայ եկան աւելնալու իշխող կուսակցութեան շարքերէն ներս անկարգապահութեան ու կուսակցութեան սկզբունքներուն հակադրուելու պատահարներ։ Մինչ ոմանք կը հրաժարէին կուսակցութենէն, ուրիշներ կուսակցութեան որոշումով կարգապահութեան խորհուրդին կը յանձնուէին՝ կուսակցութենէն վտարուելու պահանջով։
Այս մասին Հինգշաբթի օր գրաւոր լուսաբանութիւն մը ըրաւ կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյն Չելիք՝ նշելով, որ կուսակցութեան կարգապահութեան խորհուրդին յանձնուած են Իզմիրէն երեսփոխան Էրթուղրուլ Կիւնայի ու Էրտալ Գալգանի, ինչպէս նաեւ Անգարայէն երեսփոխան Հալուք Էօզտալկայի պարագաները։ Կուսակցութեան գործադիր մարմինը ուշ երեկոյեան գումարած իր նիստին ընթացքին որոշեց այս երեսփոխանները կուսակցութենէն վտարել, կուսակցութեան դէմ իրենց ըրած զանազան յայտարարութիւններուն պատճառաւ։
Երեսփոխան Էրտալ Գալգան «Թուիթըր»ի վրայ գրած է, թէ ինք հրաժարած է կուսակցութենէն՝ աւելցնելով, որ ինք դիրք գրաւած է վարչապետ Էրտողանի դէմ։ «Քաղաքական կուսակցութիւնները ոեւէ մէկուն ստացուածքը չեն, մանաւա՛նդ Թայիփ Էրտողանին ստացուածքը չեն. ասոնք միլիոնաւոր մարդոց կողմէ ստեղծուած ընկերային գոյութիւններ են։ Այս խնդիրը հոս պիտի չվերջանայ։ Մեր ժողովուրդը, որ առաջին ազատագրման պատերազմը շահեցաւ, այս խնդիրն ալ պիտի լուծէ», աւելցուցած է ան։
Էրթուղրուլ Կիւնայ, որ նախկին մշակոյթի նախարարն էր, վտարման որոշումէն առաջ յայտարարած էր, թէ կուսակցութիւնը զինք վտարել կ՛ուզէ, որովհետեւ դէմ կանգնած է ապօրինութիւններու։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ կը շարունակէ յարգել արդարադատութեան մարզի անկախութիւնը՝ յիշեցնելով, որ հեռու պիտի մնայ քաղաքական կեանքէն:
Ստեղծուած անորոշ իրավիճակին պատճառով, ծանր վնասներ արձանագրուած են Թուրքիոյ սակարաններու շուկային մէջ, իսկ թրքական դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ:
Նաեւ, կառավարութեան հրաժարականը պահանջող ցոյցեր տեղի կ՛ունենան զանազան քաղաքներու մէջ: