
ԹԱՒՐԻԶ.- Շաբաթ, 28 Դեկտեմբերին, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առիթով, Ատրպատականի հայոց թեմի անունով այցելութիւն տրուեցաւ համայնքի մարդասիրական օժանդակութեան կարօտ անձերուն, որոնցմէ ոմանք հիւանդանոցի մէջ պատսպարուած են: Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան այցելութիւն տուաւ Էմիլ եւ Էմմա Այվազեաններուն, ընկերակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, որ տօնական օրերու առիթով նուէրներ պատրաստած էր անոնց համար:
Ս. Ծննդեան Բարի Լուրը հաղորդելով անոնց, առաջնորդը խօսեցաւ Բժշկապետ Յիսուսի հրաշագործ կարողութեան մասին, որ կրնայ բուժել մարդոց բոլոր հիւանդութիւններն ու ցաւերը:
Մարդեղացեալ Աստուածորդիի Ծննդեան դրուագին ընդմէջէն ան զրուցակից դարձաւ անոնց հետ, քրիստոնէական դաստիարակութեան մտերմիկ պահ անցընելով:
Նշենք, թէ Էմմա Այվազեանը նաեւ արուեստի շնորհքով օժտուած անձ է: Ան փայտի շեղփերով սրբապատկերներ եւ տեսարժան վայրեր կերտելու արուեստը զարգացուցած է, ու նաեւ կը դասաւանդէր զայն: