ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբը այս տարի եւս նախաձեռնեց բարեսիրական այցելութիւններու շարքի մը՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով, հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւններուն:
ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբը իր բարեսիրական այցելութիւններուն սկսաւ Շաբաթ, 28 Դեկտեմբերի առաւօտեան, այցելելով Հայ ազգային բուժարան (Ազունիէ) եւ ՔԱՀԼ՝ Կաղանդ պապուկի եւ Կաղանդ մամիկի ընկերակցութեամբ:
Այնտեղ գտնուող մամիկներն ու պապիկները արդէն իսկ անհամբեր կը սպասէին շեփորախումբին՝ վայելելու համար Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ նուագներ:
Շեփորախումբի անդամները աւետեցին Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը, նաեւ մաղթեցին, որ 2014 տարին ըլլայ խաղաղ տարի մը ամբողջ աշխարհի համար: Շեփորախումբի անդամները իրենց հետ տարած էին փոքր նուէրներ՝ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով: Ծերունիները օրհնեցին նուագողները եւ փափաք յայտնեցին, որ անոնք միշտ այցելեն իրենց:
ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբը շարունակեց իր պտոյտը դէպի Պուրճ Համուտի հրապարակը՝ դարձեալ նուագելով Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան եղանակներ, որոնք գնահատուեցան անցնող հայրենակիցներուն կողմէ:
Երեկոյեան շեփորախումբը նաեւ ճոխացուց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կազմակերպած Ամանորի խրախճանքը՝ փունջ մը նուագներ հրամցնելով ներկայ հայրենակիցներուն:
Արաքս փողոցը եւ անոր զուգահեռ լայն պողոտան դարձեալ տօնական ճոխ մթնոլորտի մէջ էին 28 Դեկտեմբերի երեկոյեան՝ ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբին հրամցուցած Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ տողանցքով եւ նուագներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.