ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 22ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Ս. պատարագին եւ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամը փոխանցեց։ Նկատի ունենալով, որ Կիրակին Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնի նախօրեակն էր, առաջնորդը նաեւ օրհնութեան յատուկ աղօթք կատարեց դպրաց դասու անդամ սարկաւագներուն համար եւ անոնց ուղղեց գնահատանքի խօսք։
Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ Կոմիտաս Քէշիշեանի։ Ներկայ էր նաեւ Եփրեմ արք. Թապագեան։
Նախքան քարոզը, եկեղեցւոյ ձեռնադրեալ սարկաւագները՝ Աւետիս սրկ., Պետրոս սրկ., Վահագ սրկ., Յովիկ սրկ., Գէորգ սրկ. եւ Թուխման սրկ., մոմերը ի ձեռին, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին նուիրուած «Քաղցրիկ Տատրակ» շարականի երգեցողութեամբ խորան բարձրացան եւ ծնրադրեցին: Սրբազանը օրհնեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց անոնց՝ նշելով, որ Ս. Ստեփանոս, «իր իմաստութեամբ, հեզութեամբ եւ զօրաւոր հաւատքով, պսակը հանդիսացաւ եկեղեցւոյ եւ դարձաւ անդրանիկ մարտիրոսը»։
«Այսօր ձեր տօնն է, սարկաւագնե՛ր եւ մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողնե՛ր. ուխտեցէք անգամ մը եւս սուրբի օրինակին հետեւիլ, նմանիլ իրեն եւ զայն օրինակ ընտրել», աւելցուց սրբազան հայրը եւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա մեր ժողովուրդի զաւակները օրհնեց իր հայրական բարի մաղթանքներով։
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Պատարագէն ետք, «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի Ամանորի հանդէսը։ Առաջնորդին կողքին ներկայ էին եկեղեցւոյ հովիւը, ինչպէս նաեւ ժողովականութեան եւ շրջանի միութեանց ներկայացուցիչներ։ Կիրակնօրեայի աշակերտները երգեցին Հայաստանի քայլերգը, ապա, Ռազմիկ քահանայի առաջնորդութեամբ՝ արտասանեցին Տէրունական աղօթքը եւ հանդէսը բացուած յայտարարուեցաւ։
Հանդիսավար Զապէլ Կիրակոսեան արտասանեց ողջոյնի խօսքը եւ Կիրակնօրեայի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին անունով շնորհաւորեց բոլոր ներկաներու Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը։ Ան ըսաւ, որ Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը անհամբեր սպասուած տօներ են փոքրիկներուն համար, որովհետեւ Կաղանդ Պապուկն ու մանուկ Քրիստոսը պիտի դիմաւորեն։ Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Ա. դասարանի աշակերտները, որպէսզի Կաղանդի երգեր երգեն, արտասանեն, աղօթեն եւ ըսեն, թէ ի՞նչ կ՛ուզեն Կաղանդ Պապուկէն։
Բ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Յիսուսի Ծնունդը՝ մասնակցութեամբ Գ. եւ Դ. դասարանի աշակերտներուն, որոնք Ս. Ծնունդի ոգեշունչ երգերով ճոխացուցին յայտագիրը։ Անոնք երգեցին «Լուռ գիշեր», «Խորհուրդ Մեծ» եւ «Այսօր Տօնն Է» շարականները։ Յայտագիրի աշակերտական բաժինը փակուեցաւ «Հիւսիս-արեւելք» խմբային երգով։
Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձուներէն Կրեկ Մարթայեանը, որպէսզի փոխանցէ հոգաբարձութեան խօսքը։ Ան բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար եւ վեր առնելով Կիրակնօրեային դերը՝ նշեց. «Կիրակնօրեան շատ կարեւոր սիւն մըն է եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, սիւն մը, որ կը պատրաստէ մեր սիրելի հայ պատանիները իրենց առաջին քայլերը առնելու եկեղեցական կեանքին մէջ»։ Ան բարձր գնահատեց եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտները։
Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչուհի Սեդա Քէչէճեանը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին՝ հովանաւորութեան եւ ներկայութեան համար, ապա շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը։ Քէչէճեան մէջբերում կատարեց Առակաց գիրքի 22րդ գլուխի 6րդ համարէն, որ կ՛ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»՝ վեր առնելով Կիրակնօրեայի կարեւորութիւնն ու դերը: Ապա խօսքը աւարտեց՝ քաջալերելով բոլոր ուսուցիչներն եւ ծնողաօժանդակ մարմինի անդամները։ Ս. Ծննդեան հանդէսին բարձրակէտը եղաւ վկայականներու բաշխումը: Տեսչուհին բեմ հրաւիրեց առաջնորդը, որ կողքին ունենալով Ռազմիկ քահանան՝ վկայականները յանձնեց շրջանաւարտ աշակերտներուն։
Վկայականներու բաշխումէն ետք, սրբազանը ուղղեց իր սրտի եւ օրհնութեան խօսքը։ Ան գնահատեց ուսուցիչներն ու աշակերտները՝ իրենց զոհողութեան եւ աշխատանքներուն համար, եւ վեր առաւ Կիրակնօրեայ դպրոցին դերը մանուկներու կեանքին ու աճին մէջ, ապա յիշեց, թէ ի՛նք եւս Կիրակնօրեայի աշակերտ եղած է 4 տարեկանէն սկսեալ եւ անոր շնորհիւ լծուած է մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Առաջնորդը կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ շարունակեն իրենց զոհողութիւնը, իրենց մանուկները առաջնորդեն Կիրակնօրեայ դպրոց եւ զանոնք պահեն Աստուծոյ բարի ճանապարհին մէջ, որպէսզի անոնք մասնակցութիւն բերեն մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ։ Առաջնորդը ընթերցում կատարեց Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ քանի մը օր առաջ հրատարակուած այն գրքոյկէն, որ Ազգային վարժարաններու եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներու աղօթքներ կը բովանդակէ՝ նուիրուած հայ մայրերուն, եւ գնահատեց աշակերտներուն սոյն աշխատանքը։ Ներկաները ծափողջոյններով ունկնդրեցին այդ աղօթքներն ու մաղթանքները, իսկ իւրաքանչիւր աշակերտ այդ հատորէն օրինակ մը նուէր ստացաւ։
Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց մաղթելով ուրախ եւ բարի նոր տարի մը, լի Աստուծոյ շնորհքներով եւ բարիքներով։ Ապա կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ։