«Երանի որ կերիցէ ճաշ յարքայութեան Աստուծոյ. Եւ նա ասէ ցնա:
Այր ոմն գործեաց ընթրիս եւ հրաւիրեաց զբազումս:
Եւ առաքեաց զծառայ իւր ի ժամու ընթրեացն
կոչել զհրաւիրեալսն թէ եկայք, զի ահաւասիկ
պատրաստ է ամենայն ինչ» (Ղուկ. 14:15-17):

Սիրելի բարեպաշտ եւ հաւատաւոր քրիստոնեայ,
Յիսուս Քրիստոսի Աստուածորդու Ծնունդը հրաւէրն է ուղղուած մարդկութեան, որպէսզի հանդիպինք Արարիչ Աստուծոյ հետ: Աւետարաններուն մէջ արձանագրուած մեծատունին կողմէ սարքուած հարսանեաց հանդէսն է Յիսուսի Ծնունդը, որուն մէջ պէտք է տեսնել Երկինքէն Երկիր խոնարհումը Աստուածորդու: Հարսանեաց այս տօնախմբութեան հրաւիրեալը երբ պատրաստակամ է մասնակցութեան, ապա այդպիսին ինքզինքին առիթ կու տայ Քրիստոսով բարձրանալու առ Աստուած: Այլ խօսքով, իր էութեանը մէջ հաստատելու կեանքի նոր որակ ու մակարդակ, որն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ քրիստոնէական հաւատքով ապրուած ու թթխմորուած կեանքը:
«Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»:
Ով հաւատացեալ Հայ Քրիստոնեայ, ահաւասիկ անգամ մ՛եւս հրաւէր ենք ստացած ընդառաջ երթալու եւ խոնարհելու Յիսուսի Ծնունդի առջեւ, որպէսզի Անոր Ծնունդը դարձնենք նաեւ նոր ծնունդը աստուածապարգեւ մեր կեանքին: Քանզի Քրիստոսով ապրիլ կը նշանակէ նկարագիր ու երանգ տալ մեր կեանքին, զայն դարձնելով առաքելութիւն ու նպատակ, առաւել եւս մարդկութիւնը մօտ բերելու առ Աստուած:
Քրիստոսի Ծնունդը կը խորհրդանշէ խոնարհումը Աստուածորդու Երկինքէն Երկիր, որ իր վրայ վերցուց մարդկային կերպարանք եւ ծառայեց աշխարհին ու մարդկութեան:
Յիսուսի Ծնունդը, հետեւաբար, հրաւէր մըն է, որպէսզի անխտիր բոլորս խոնարհումով հետեւինք Քրիստոսի օրինակին, դառնալու համար ազնիւ ծառաներ՝ մարդն առաջնորդելու համար առ Աստուած, որովհետեւ այդ իսկ է քրիստոնէութեան գերագոյն նպատակը: Այս ճանապարհին մէջ հաստատ մնալ կը նշանակէ ապրիլ քրիստոնէական հաւատքի կեանքի ոգով ու գիտակցութեամբ, ապրիլ Քրիստոսի նմանակցութեամբ ծառայակերպ կեանք, որ մեզ կ՛առաջնորդէ մշտապէս կատարելու Աստուծոյ կամքը, որպէսզի ապրինք սուրբ կեանքով, Աւետարանը դարձնելով ուղեցոյցը մեր կեանքին եւ մեր կեանքի օրինակով դառնալու ոսկի օղակներ մարդկանց եւ Աստուծոյ միջեւ:
«Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»:
Մեծատունին հրաւէրը՝ ընդառաջ երթալու ու խոնարհելու Մանուկ Յիսուսի առաջ ուղղուած է բոլորիս: Որպէս անհատ քրիստոնեաներ, որպէս ժողովուրդ, որպէս քրիստոնեայ, պետութիւն եւ Եկեղեցի, ինչպէ՞ս պիտի պատասխանենք այս կոչին: Անտարակոյս քրիստոնէական քաջ հաւատքով ապրելու պատրաստակամութիւնը ցոյց պիտի տանք, որպէսզի մեր հոգեւոր էութեանը մէջ իմաստաւորած ըլլանք Յիսուսի Ծննդեան տօնախմբութեան խորհուրդը: Քանզի եթէ Յիսուսի Ծնունդը հաւատքի գործնական երեսով իր արտայայտութիւնը չունենայ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, ապա մեզի տրուած հրաւէրին արդար պատասխան մը տուած չենք: Մեծատան հրաւէրին պատասխանել կը նշանակէ հաւատքով ապրիլ բառին լման առումով, անկեղծ սրտով, սիրող հոգիով, ներողամիտ ու գթառատ ապրումներով, խոնարհութեամբ ու ծառայասիրութեամբ, մէկ խօսքով Քրիստոսի Աւետարանին հաղորդած բոլոր պատուիրաններով: Տօնախմբել Յիսուսի Ծնունդը պարզ բացատրութեամբ կը նշանակէ Մանուկ Յիսուսը դարձնել հայելին մեր հոգեւոր կեանքին եւ սոսկում ու ամօթի զգացումէն թելադրուած թօթափել մեր էութեան մէջ ծանրացած ու թանձրացած բոլոր տեսակի յոռի բարքերն ու սովորոյթները, որոնք Քրիստոս եւ քրիստոնէութիւն չեն բուրեր: Տօնախմբել Յիսուսի Ծնունդը, այսօր, կը նշանակէ կեանքն ապրիլ Մանուկ Յիսուսի Ծնունդը խորհրդանշող սրբութեամբ: Այդ է պատճառը նաեւ, երբ Քրիստոս մատնացոյց ըրաւ մանուկները եւ յիշեցուց բոլորին ըսելով. «Որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը»:
Սիրելի բարեպաշտ եւ հաւատաւոր քրիստոնեայ, իւրաքանչիւր Ծնունդ քրիստոնեայի կեանքի մէջ հոգեւոր ճանապարհորդութեան նոր սկիզբ մըն է: Յիսուսի Ծնունդը հրաւէրն է նոր կեանքի: Աստուածային ներգործութիւնն է Յիսուսի Ծնունդը աշխարհի կեանքին մէջ, որպէսզի Անոր հետ վերածնինք մեր կեանքը ու զայն հրաշագործենք: Յիսուսի Ծնունդը՝ հրաւէրն է, որ մարդը իր կեանքը դարձնէ ներգործութիւն աշխարհի կեանքին մէջ, ստեղծագործութեան մէջ: Ուրեմն, մեզի տրուած հրաւէրին պատասխանենք հաւատքի բարի արարումներով, ծառայութեամբ ու զոհողութիւններով, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ մեզի բաժին տրուած մեր Մայր Երկրին, յաւերժական Հայաստանին ու Ս. Էջմիածնին, հայ արժէքներուն ու տեսիլքներուն առջեւ խոնարհումով իմաստաւորենք քրիստոնեայի մեր կեանքը:
«Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»:
Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան
Առաջնորդ
Սուրբ Ծնունդ- 2014