ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոյանձնաժողովի պաշտօնական ներկայացուցիչ Օլիվիա Պայի յայտնած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Թուրքիոյ մէջ մեծաթիւ ոստիկանները աշխատանքէ հեռացնելու երեւոյթով եւ կը պահանջէ հետաքննել զեղծարարութեանց վերաբերեալ բոլոր դիմումները:
«Մեծ թիւով ոստիկաններ աշխատանքէ հեռացնելը, որուն գագաթնակէտը դարձաւ Անգարայի մէջ 350 ոստիկան աշխատանքէ հեռացնելը, մեզ կը մտահոգէ: Մենք կը պահանջենք Թուրքիայէն՝ իբրեւ թեկնածու երկիրէ, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու պահանջներու կատարման վերաբերեալ պարտաւորութիւն ստանձնել, ներառեալ՝ իրաւական պետութեան սկզբունքներուն հետեւիլ եւ ամէն ինչ ընել, որպէսզի բոլոր դիմումները՝ որոշ ղեկավարներու կատարած խախտումներուն վերաբերեալ, հետաքննուին առանց խտրականութեան եւ անկողմնակալ կերպով», ըսած է Պայի:
Եւրոմիութիւնը այն տպաւորութիւնն ունի, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը արգելք կը հանդիսանայ հարցաքննութեանց եւ չ՛արտօներ, որ դատական եւ ոստիկանական համակարգերը իրենց պարտականութիւնը կատարեն։
Եւրոմիութեան ընդարձակման աշխատանքներու պատասխանատու յանձնախումբի նախագահին անունով, տեղակալ Եթեր Սթանօ եւս յայտնած է, թէ Եւրոմիութիւնը մտահոգ է ստեղծուած կացութեամբ։ Սթանօ ըսած է, որ կառավարութեան կողմէ դատախազներու ու ոստիկաններու վրայ ճնշումները կը վնասեն հարցաքննութիւններու անկողմնակալութիւնն ու առողջ ընթացքը։ «Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիր է եւ պէտք է հպատակի Եւրոմիութեան չափանիշներուն, պէտք է ապահովէ հարցաքննութիւններուն ազատ գնացքը», ըսած է ան:
Միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան յայտնած է, որ Թուրքիան ցնցած կաշառակերութեանց հարցի լոյսին տակ, Անգարա «կը վերահսկէ երկրին մէջ հարցերու ընթացքին»: Ան նշած է, որ կառավարութիւնը «պիտի չարտօնէ որեւէ բան, որ կրնայ քայքայել Թուրքիոյ մէջ քաղաքական ու տնտեսական կայունութիւնը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.