Վստահ ենք, որ շատեր կը փափաքին ներկայ ըլլալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան: Անցեալին, տօնակատարութեան վայրը որոշ դժուարութեան մատնած է ժամանակին սրահ հասնիլ փափաքողները, գլխաւորաբար ինքնաշարժներուն տեղ գտնելը անհնար դարձնելով: Կանգառներու ոչ բաւարար ըլլալու հարցը լուծելու համար, ձեռնարկը կազմակերպողները, բացի Կլենտէյլ Հայ Սքուլի կանգառակայանէն, ապահոված են սրահէն քիչ մը անդին գտնուող (Harvey եւ Broadway խաչմերուկին) «Քալթրանս» ընկերութեան բաւական մեծ կանգառակայանը:
Ուրեմն կը սպասենք ձեզի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.