Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Երկուշաբթի, 6 Յունուարի երեկոյեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգերու երեկոյ:
Երեկոյին բացումը կատարեց Սուրէն Թապագեան, որ նշեց, թէ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ կազմակերպելու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նուիրուած երգերու երեկոյ մը՝ նպատակ ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ծանր պայմաններուն ուրախ մթնոլորտ ստեղծել: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանին, որ սիրայօժար ստանձնած էր մասնակցիլ այս երեկոյին:
Մասնակից երգիչներն էին՝ Նայիրա Պաղտասարեան, Լորի Քէշիշեան, Գարմէն Պալեան, Զեփիւռ Ճամպուլեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.