ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանէն արտածուող ոչխարներուն քանակը 2013 թուականին՝ 2012ին հետ բաղդատելով, աճած է 93.65 տոկոսով եւ հասած գրեթէ 120 հազար գլուխի: Մէկ ոչխարի մաքսային միջին արժէքը, սակայն, նուազած է շուրջ 17 տոկոսով: Այդ մասին յայտնած են Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէէն: «2013 թուականին Հայաստանից արտահանուել է 117 հազար 935 գլուխ ոչխար: Մէկ ոչխարի մաքսային միջին արժէքը կազմել է 48 հազար 906 դրամ», յայտնած է աղբիւրը:
Հարկ է նշել, որ 2012 թուականին Հայաստանէն արտածուած է 60 հազար 900 գլուխ ոչխար՝ իւրաքանչիւրը 140.4 տոլար կամ աւելի քան 57 հազար դրամ մաքսային միջին արժէքով: Հայկական ոչխարներու հիմնական գնորդը կը շարունակէ մնալ Իրանը, որ 2013ին գնած է Հայաստանէն արտածուած ոչխարներուն 85 տոկոսը կամ 100 հազար 221 գլուխը: Իրան ոչխարներու արտածման ամէնէն ցած ցուցանիշը արձանագրուած է Սեպտեմբերին (23 հազար 294 գլուխ կամ տարեկան ցուցանիշին գրեթէ քառորդը): Յատկանշական է, որ նախորդ տարի Իրան արտածուած ոչխարներուն քանակը մօտ 2.4 անգամով աւելի է 2012 թուականի ցուցանիշէն (41.9 հազար գլուխ) եւ մօտեցած է 2011ի տուեալներուն (114.1 հազար գլուխ): Ոչխարներու արտածման ցուցանիշի աճի լոյսին տակ՝ Հայաստանի մէջ այդ անասունին միսին գինը ոչ միայն չէ բարձրացած, այլեւ որոշ չափով նուազած է:
Կարելի է արձանագրել, որ նախորդ տարի տոլարին դիմաց իրանական ռիալի կրկնակի արժեզրկումը բացասական ազդեցութիւն չէ ունեցած Հայաստանէն Իրան ոչխարներու արտածման ցուցանիշին վրայ, ինչպէս եղաւ 2012ին, երբ Հայաստանէն Իրան ոչխարներու արտածման քանակը նուազեցաւ 2.7 անգամով: Նախորդ տարուան սկիզբը 1 տոլարը Իրանի մէջ կ՛արժէր աւելի քան 12 հազար ռիալ, իսկ վերջերս՝ շուրջ 24 հազար:
1 Յունուար 2013ի տուեալներով հանրապետութեան մէջ հաշուըւած է 645 հազար 711 ոչխար, ինչ որ աւելի քան 70 հազար գլուխով գերազանցած էր 2011 թուականի ցուցանիշը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.