ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Շանթ Յարութիւնեան կ՛ողջունէ բոլոր հակաիշխանական քայլերը՝ Ռոբերտ Քոչարեանի կողմէ ըլլան անոնք, թէ ուրիշներու: «Միացեալ ազգային նախաձեռնութեան» բանտարկուած ղեկավար Շանթ Յարութիւնեան՝ կնոջ եւ որդիին միջոցով այս միտքը հանրութեան փոխանցած է յատուկ ուղերձի մը ճամբով, զոր 15 Յունուարին Շանթ Յարութիւնեանի որդին՝ Շահէն Յարութիւնեան, հրապարակած է իր Դիմատետրի էջին վրայ:
«Բոլորս էլ Հայաստանի քաղաքացիներ ենք, եւ ունենք պայքարելու իրաւունք: Ինձ համար կարեւոր են Եւրամիութեան եւ Մաքսային միութեան հարցերը, բայց աւելի կարեւոր են մարդկային գաղափարները: Մարդիկ փչացած են եւ չեն կարողանում տարբերել բարին եւ չարը: Նրանց համար ազնիւը եւ ոչ ազնիւը նոյն արժէքներն են: Պէտք է կարողանան իրենք իրենց փոխել, իսկ փոխուելու դէպքում ընտրութիւն կատարելը կը լինի հեշտ եւ կը լինի ճիշդ», իր հօր խօսքը մէջբերած է Շահէն Յարութիւնեան:
Շանթ Յարութիւնեան հաստատած է, որ՝ «եթէ 3000-5000 վճռական, անվախ տղամարդ դուրս գայ փողոց եւ պայքարի, ներկայ իշխանութունը թղթէ տնակի պէս կը քանդուի»:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է «Դատապարտեալների հիւանդանոց»ի պետ Աշոտ Խաչատրեանին՝ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած լաւ վերաբերմունքին համար, նաեւ ամբողջ անձնակազմին, մասնաւորապէս, Դաւիթ Յովհաննիսեանին, բոլոր դատապարտեալներուն՝ Գառնիկին եւ մնացածին՝ լաւ եւ ջերմ ընդունելութեան համար:
Իբրեւ յետ գրութիւն՝ Շահէն գրած է. «Ես հօրս հետ խօսելուց հասկանում եմ, որ ինքը սպասում է բոլոր Արժանապատիւ եւ Ազնիւ քաղաքացիներին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.