
Կեանքը Եւ Իր Իմաստը
Կեանք… մէկ բառ… անհամար իմաստներ:
Կեանք կը նշանակէ եռանդ, ապրիլ, ուրախութիւն, դժուարութիւն եւ այլն: Կեանքը այնքան անակնկալներ ունի, որ երբեմն անսպասելի է: Կեանքը, հետաքրքրական է ճամբայի մը նման, որ ոլորտներ, թաւալումներ եւ թեքուածներ ունի: Կեանքը ունի իր արգելքները… սկիզբը այնքա՛ն պզտիկ կը զգա՛ս դուն քեզ մեծ դժուարութեան մէջ, բայց երբ կը սկսի հարցը, վիրաւորուած կը զգաս, քանի մը անգամ կ՛իյնաս, սակայն նորէն ոտքի կը կանգնիս եւ կը շարունակես ճամբադ, կը փորձես յաղթահարել, եւ երբ կը հասնիս նպատակիդ՝ խոր շունչ մը կը քաշես, շուրջդ կը դիտես ու տարբեր գեղեցիկ աշխարհ մը կը տեսնես: Կեանքը շատ դժուարութիւններ ունի, բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ հաւատք ունենաս, ամբողջական կամքով ու ջանքերով աշխատիս եւ երբե՛ք չյուսահատիս:
Կեանքդ կը դառնայ հաճելի ու դուն՝ յաղթական:
ԹԱԹԻԱՆԱ ԱԿՈՒԲՕՂԼՈՒ
Հայաստան
Հայաստանը ինծի համար բառերով անասելի մեծ գանձ մըն է, որուն համար ես պատրաստ եմ բոլոր կարելի զոհողութիւններս ընել: Իսկ մեր հայրենիքին մասին պրպտում կատարելը եւ մեր պատմութեան մասին տեղեկանալը զոհողութիւն չէ, այլ՝ պարտականութիւն: Երբ ես կ՛ուզեմ Հայաստանը նկարագրել, տարբեր տեսարաններ կը գեղեցկացնեն իմ երեւակայութիւնս: Օրինակ՝ Հայաստանի հարուստ բնութիւնը, անոր բարձրաբերձ լեռները, ձորերն ու դաշտավայրերը, գետերն ու լիճերը մեծ դեր կը խաղան՝ հարստութիւն պարգեւելով մեր հայրենիքին: Երանի թէ կարենայինք ըլլալ երկրախոյզներ, որպէսզի ուսումնասիրէինք մեր երկրի ընթերքը, լեռնախոյզեր՝ որպէսզի կարենայինք ուսումնասիրել բուսական եւ կենդանական աշխարհը: Թէեւ հիւսիսային բեւեռը մեզմէ շատ հեռու է, մենք ունինք բեւեռախոյզներ, որոնք տարբեր երկիրներու հետ կ՛ուսումնասիրեն՝ մեծ առաքելութիւն կատարելով գիտութեան մէջ: Թէեւ Հայաստան չունի ծովեր, սակայն ունի նաւազներ, որոնք կը նաւարկեն աշխարհի բոլոր ծովերով եւ ովկիանոսներով: Երանի շատ գիտելիքներ ունենայի, տիրապետէի շատ լեզուներու, ճախրէի մեր հայրենիքի երկինքով՝ յաղթահարելով շատ դժուարութիւններ: Ա՛յս է հայ ժողովուրդին երազանքը, որ օր մը պիտի իրականանայ:
ԱՆԻ ԿԷՄԻՃԵԱՆ