ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Փետրուար 9ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ Լոս Անճելըսի հայութիւնը ընդհանրապէս եւ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի շրջանաւարտներն ու ծնողները՝ մասնաւորաբար, յատուկ ձեռնարկով մը արդարօրէն պիտի մեծարեն եւ գնահատեն սփիւռքահայ արժանաւոր կրթական մշակ, սերնդակերտ, հայրենասէր, անսակարկելի սկզբունքներու տէր մանկավարժ, ԹՄՄի Լոս Անճելըսի առաջին եւ ցարդ միակ ամէնօրեայ վարժարանի 31 տարիներու սիրուած ու յարգուած առաջին տնօրէնը՝ Վարդգէս Գուրուեանը, անոր կրթական ու հասարակական բազմաբեղուն ծառայութեան յիսնամեակին առիթով։
1968էն ի վեր ծանօթ ենք մեր սիրելի մեծարեալին։ Միասին պաշտօնավարած ենք ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ։ Վայելած ենք այս քաղցրաբարոյ երիտասարդ ուսուցիչին ջերմ բարեկամութիւնը։ Վարդգէս Գուրուեան մեր վարժարանի սիրուած երիտասարդ ուսուցիչներէն մին էր, որ գիտէր աշակերտութեան հետ մտերմանալ, անոր սիրած նիւթերուն մասին խօսիլ եւ ամէնէն կարեւորը՝ աշակերտութիւնը ազգային կեանքով խանդավառել եւ անոնց հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան ոգի փոխանցել։ Ասիկա դիւրին գործ մը չէ։ Ասիկա ուսուցիչէն կը պահանջէ խոր գիտակցութիւն, նուիրում եւ տեսիլք։ Մեր սիրելի Վարդգէս Գուրուեանը այդ բոլորը ժառանգած է իր ծնողքէն, ուսուցիչներէն եւ իր յաճախած ՀԲԸՄի Մելքոնեան վարժարանէն։
Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը աւարտելէ ետք, Վարդգէս Գուրուեան, ընդառաջելով իր արեան կանչին եւ իր մեծանուն ուսուցիչներէն ստացած դաստիարակութեան՝ բնաւ չմտածեց առեւտրական գործի անցնիլ, այլ՝ մէկ նպատակ հետապնդեց կեանքին ընթացքին՝ ծառայել մեր «փոքր ածուին» ու մանաւանդ մեր նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին։
Այսպէս, Գուրուեան Պէյրութէն անցաւ Քուէյթի Ազգային վարժարան, ապա՝ Կիպրոսի Նարեկ վարժարան, Մելքոնեան կրթական հաստատութիւն, որմէ ետք անցաւ ԱՄՆ եւ 31 տարի մեծ նուիրումով ծառայեց ԹՄՄի Արշակ Տիգրանեան վարժարանին։ Արդարեւ, Գուրուեանի տնօրէնութեան շրջանին վարժարանը մեծ յաջողութեններ արձանագրեց. շրջանաւարտներուն մեծամասնութիւնը, Հայաստանէն նոր գաղթականներ ըլլալով հանդերձ՝ ԱՄՆի լաւագոյն համալսարանները ընդունուեցաւ։
Վարժարանի կրթական ճոխ ծրագիրին կողքին, «Արշակ Տիգրանեան»էն ներս հայեցի ծրագիր կը գործադրուէր։ Նաեւ, ասմունք, պար, երգ, ընդհանուր գիտելիքներու եւ շարադրութեան մրցումներ, գրադարանի ժամ եւ այլատեսակ մարզախաղերու ուսուցումներ անթերի կարգապահութեամբ կը տրուէին, եւ այս բոլորին ետին կանգնած էր տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանը։
Յաճախ, երբ որեւէ ժողովի մը համար դպրոց կ՛երթայինք, հոն կը տեսնէինք ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի «ճգնաւոր»ը՝ Գուրուեանը, որ այլազան գործեր եւ պարտականութիւններ դասաւորելու համար, մինչեւ ուշ ժամեր դպրոց կը մնար։
Գուրուեանի 31 տարիներու պաշտօնավարութեան շրջանին, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, հոգաբարձութիւն կամ կրթական յանձնախումբ, համերաշխութեամբ եւ նախանձելի միասնականութեամբ վարժարանի վեհ գործը կը տանէին։ Անոնց դէմքին վրայ միշտ ժպիտ կար եւ այս դրական մթնոլորտին աղբիւրն էր վարժարանի տնօրէն Գուրուեանը։ Անոր համար էր, որ հանգուցեալ Արշակ Տիգրանեան մեծապէս կը գնահատէր Գուրուեանի աշխատանքն եւ անոր նուիրումը. Արշակ Տիգրանեանի համար Վարդգէս Գուրուեան ոչ թէ պարզ տնօրէն էր, այլ՝ «մեր տնօրէն»ը։
Վարդգէս Գուրուեան 31 տարի մեծագոյն սիրով ծառայեց այս վարժարանին եւ մենք բազմաթիւ ծնողներէ երախտագիտական խօսքեր եւ գնահատականներ լսած ենք մեծարեալին մասին։ Ան իր ազգային-հասարակական ու կրթական ծառայութեան համար արժանացաւ բազմաթիւ գնահատականներու, սակայն անոնցմէ մեծագոյնը կը մնան իր պատուական աշակերտները, որոնք իրենց տնօրէնին նման ազգային ոգիով օժտուած, հայութեան եւ իրենց ընտանիքներուն պատիւ բերող երիտասարդներ են։
Գրել Գուրուեանի՝ վարժարանին համար կատարած դրամահաւաքի գործին մասին, կը նշանակէ հաստափոր գիրք մը գրել։ Ան, հակառակ իր բազմատեսակ եւ բազմաթիւ պարտաւորութեանց, իրեն յատուկ քաղցրախօսութեամբ եւ վարմունքով, բազմաթիւ ձեռնարկներու ճամբով մեծ թիւով նուիրատուներ կրցաւ բերել՝ դպրոցի ծախսերը հոգալու համար։
Այսօր, այս սեղմ տողերով, Գուրուեանի կրթական, ազգային հասարակական ծառայութեան յիսնամեակին առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր թանկագին տնօրէնը, գաղափարի ընկերը եւ միութենական եղբայրը, այս նշանակալից օրուան առիթով. շնորհաւորանքի յատուկ խօսք ունինք մեծարեալի թանկագին կնոջ՝ Ալիսին։ Երանելի զոյգ մը, որ իր կեանքին մէկ մասը նման պատուական, ազգային եւ կրթական ծառայութեամբ կրցած է լեցնել։ Կեանքին մէկ մասը ըսինք, որովհետեւ Գուրուեանները տակաւին շատ տալիք ունին մեր ազգին եւ մեր կազմակերպութեանց։
Խոնարհելով ձեր վաստակին առջեւ՝ ձեզի կ՛ըսենք ձեր վարձքը հազար կատար ըլլայ։
Պատիւս արժանաւորաց։