
31 Դեկտեմբերին ռուսահայ Մարկարիթա Սիմոնեան նշանակուեցաւ Ռուսաստանի պետական նոր լրատու գործակալութեան՝ «Ռոսիա Սեկոտնիա»ի գլխաւոր խմբագիր: Ան միաժամանակ անգլերէնով սփռ-ուող «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր խմբագիրն է:
Մարկարիթա Սիմոնովնա Սիմոնեան ծնած է 6 Ապրիլ 1980ին, Քրասնոտար: Ան փոքր տարիքէն որոշած էր լրագրող դառնալ: Սիմոնեան նախ աշխատած է տեղական օրաթերթի մը մէջ, ապա՝ տեղական պատկերասփիւռի կայանի մը մէջ եւ մինչ այդ շարունակած է «Քուպան» պետական համալսարանին մէջ լրագրութիւն ուսանիլ:
Սիմոնեան տեղական պատկերասփիւռի կայանին համար Չեչենիոյ պատերազմի եւ Հարաւային Ռուսիոյ մէջ մեծ ողողումներուն մասին լրագրութիւն կատարած է՝ ստանալով «Արհեստավարժի քաջութիւն» մրցանակը:
2002ին Ռուսիոյ պետական «Ռոսիա» պատկերասփիւռի կայանի շրջանային լրագրողի պաշտօնը վարած է եւ 2004ին տեղեկագրած Պեսլան դպրոցի պատանդներու տագնապը: Ան դէպքին վայրը հասնող առաջին լրագրողներէն մէկը ըլլալով՝ ականատես կը դառնայ 334 անձերու սպանութեան, որոնցմէ 186ը մանուկներ:
Սիմոնեան 25 տարեկան էր, երբ 2005ին «Ռաշա Թուտէյ»ի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնին նշանակուեցաւ: Կարգ մը աղբիւրներ զինք Քրեմլինի հաւատարիմ եւ Փութինի վարչակարգին մօտիկ անձնաւորութիւն մը կը նկատեն: