Շաբաթ, 18 Յունուարի կէսօրէն ետք, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 123ամեակի տօնակատարութիւնը՝ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:
Ձեռնարկը սկսաւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ՝ Այնճարի նահատակներուն նուիրուած կոթողին մօտ. հոգեհանգիստը կատարեցին Այնճարի հոգեւոր հայրերը եւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը: Տեղի ունեցաւ նաեւ ծաղկեպսակի զետեղում՝ ՀՅԴ ԼԵՄի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ:
Տօնակատարութեան պաշտօնական բաժինը շարունակուեցաւ կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Խաժակ Հերկելեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը նահատակներուն, ապա ան արտասանեց ձեռնարկին բացման խօսքը՝ յիշելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութիւնը, Ֆետայական շարժումները, պահանջատիրութեան հանգրուանները եւ ներկայ իրավիճակը իր մարտահրաւէրներով: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Թող Դաշնակցութեան ուխտը նորոգուի բոլորիս սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, եւ անշահախնդրօրէն շարունակենք մեր նախնիներուն ազգանուէր առաքելութիւնը, որպէսզի կարենանք գոյատեւել իբրեւ ժողովուրդ եւ ձգտիլ մեր մեծ երազին՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին»:
Բացման խօսքին յաջորդեց ցուցադրութիւնը տեսաերիզի մը, որ կը պարունակէր վկայութիւններ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարներուն, գործունէութեան եւ իրագործումներուն մասին:
ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութիւնը կենդանի պատկերով ներկայացուց «Եռագոյն Դրօշակ» ասմունքը:
Օրուան բանախօս Վաչէ Ծատուրեան խօսեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ստեփան Զօրեանի եւ Սիմոն Զաւարեանի մասին, որոնք ձեռք ձեռքի տալով 19րդ դարու վերջաւորութեան դրոշմեցին հայ ժողովուրդի ազատատենչ ու պայծառատես ըմբոստութեան գաղափարները: Ան խօսեցաւ Դաշնակցութեան բարոյական արժէքներուն, ըմբռնումին, գործելակերպին եւ աշխատանքներուն մասին՝ նշելով, որ՝ «սուրը, բահը եւ փետուրով գրիչը կեանք առին դաշնակցական երիտասարդ ղեկավարութեամբ եւ ռազմական, մարտական, քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական ու դաստիարակչական աշխատանքներուն եւ գործին մէջ»:
Ծատուրեան խօսեցաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան մասին, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, երբ հայ ժողովուրդը մնաց առանձին եւ լքուեցաւ այսպէս կոչուած քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ: Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենար շրջանցել Ցեղասպանութեան արհաւիրքը, կազմակերպել իր գաղութները, հիմնել իր ակումբներն ու դպրոցները, շինել իր եկեղեցիները, ամուր պահել իր մշակոյթը, կերտել քաղաքական միտքը եւ անխաթար երազել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մասին, առանց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Ծատուրեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Պիտի դաշնակցականանանք յանուն Քրիստափորի, յանուն Ռոստոմի, յանուն Զաւարյանի, յանուն հայ ժողովուրդին եւ յանուն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի»:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.