
ՕՔԼԸՆՏ.- Կիրակի, Յունուար 12ին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Օքլընտի Ս. Վարդան Հայց. եկեղեցւոյ, ուր Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց: Ս. սեղանին սպասարկեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Յովէլ քհնյ. Օհանեան եւ սարկաւագները: Առաջնորդին քարոզը կեդրոնացաւ Յիսուսի Ս. Ծննդեան, Մկրտութեան եւ Անուանակոչութեան վրայ:
Սրբազանը նաեւ հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան հետ եւ քաջալերեց զանոնք հաստատ մնալու իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ: Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին հաւատացեալները առիթ ունեցան անձամբ ողջունելու առաջնորդը եւ արժանանալու իր օրհնութիւններուն:
Սրբազանը այցելեց նաեւ Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ ամէնէն տարեց հաւատացեալ Տայանա Թումաճեանին, որ այս տարի պիտի նշէ իր ծննդեան 100ամեակը: