
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հայկական Ս. Ծնունդին առիթով, Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Յունուար 9ի երեկոյեան հիւրընկալեց ընթրիք մը, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ, ուր ներկայ էին համայնքէն 200 անդամներ, ինչպէս նաեւ Սան Կապրիէլ հովիտէն մօտաւորապէս 40 ընտրեալ պաշտօնատարներ ու քաղաքական գործիչներ, ներառեալ՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային կառավարութեան ելեւմուտքի ընդհանուր պատասխանատու Ճան Չիանկ, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Լի Պաքա եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Իըն Քալտերոն, ինչպէս նաեւ շրջանի 10 քաղաքներու քաղաքապետական խորհուրդներէն ներկայացուցիչներ:
Հայկական աւանդութիւնները ծանօթացնել միտող սոյն հաւաքի մասնակիցները վայլեցին «Հայրենիք» նուագախումբին կատարումները, իսկ բացման խօսքը արտասանեց Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Բագրատունին՝ իր երախտագիտական զգացումները փոխանցելով ընթրիքին ներկայ պաշտօնատարներուն ու մաղթելով, որ 2014ը յաջող տարի մը ըլլայ բոլորին համար:
Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչի առաքելութիւնը ստանձնած Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը կատարեց բացման աղօթքը եւ բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչո՛ւ հայերը Յունուար 6ին կը նշեն Ս. Ծնունդի տօնը: Ապա, շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան ատենապետ Լեւոն Կիրակոսեանը յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց հայկական տօնական աւանդութիւններուն ու անոնց պատմական արժէքին մասին:
Խթման աւանդական ճաշ մատուցուեցաւ հիւրերուն, որմէ ետք ելոյթ ունեցան «Վարդան Գէորգեան» պարախումբի սաները ու «Մեսրոպեան»ի նախակրթարանի երգչախումբը՝ խանդավառելով ներկաները:
Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս ձեռնարկի մասնակցիներուն, որոնց շարքին էին՝ վերոյիշեալներուն կողքին՝ Թոնի Մենտոզա, որ գլխաւոր թեկնածուն է շրջանի նահանգային Ծերակոյտի ընտրութեանց, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ճեք Հաճինեան, Վիվիըն Ռոմերօ եւ Արթ Պարահաս, Փիքօ Ռիվերայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Տէյվիտ Արմենթա ու Կուսթաւօ Քամաչօ, Քարսընի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Մայք Կիպսըն ու Ճիմ Տիր, Ուիթըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ֆերնանտօ Տութրա, Ռոզմիտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Սանտրա Արմենթա ու Մարկրիթ Քլարք, Էլ Մոնթէի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ճուվենթինօ Կոմեզ, Վիքթորիա Մարթինեզ, Փարթ Փաթել ու Նորմա Մաքիաս, Մոնթերէյ Փարքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Թերեզա Ռէալ Սեպասթիան, Քամըս Սիթիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Լիլիան Լիոն, Հանթինկթըն Փարք քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռոզա Փերեզ, Պել Կարտընզի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փետրօ Ասիթունօ, Մոնթեպելլօ քաղաքի դատախազ Առնոլտ Կլեսմեն, հրշէչներու պետ Տոմինիք Հըրպըրթ, ոստիկանապետ Քեւըն ՄըքՔլուր, վարիչ Ֆրանչեսքա Թաքըր Շոյլըր, Մոնթեպելլոյի միացեալ կրթաշրջանէն Էտկար Սիսներոս, Պենճըմին Քարտենաս, Տէյվիտ Վելա, Լանի Քափչոյ եւ քոնկրեսական Լինտա Սանչեզի ներկայացուցիչ՝ Իվեթ Շահինեան: