
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Յունուար 14ի երեկոյեան, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ոսկրածուծի Հայկական հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի։ Սրբազանին կողքին, հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եւ անդամ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան։
Առաջնորդը ողջունեց ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը եւ բարձր գնահատեց մարդասիրական ու հայրենասիրական ծառայութիւնները այս կազմակերպութեան, որ կը հետեւի Բարի Սամարացիի օրինակին։ Ան նկատել տուաւ, որ այս հիմնարկին ծառայողները, հաւատարիմ մնալով Աստուածաշունչի պատգամին՝ ծառայութիւնը գործով ու կեանքով կ՛ապացուցեն եւ ոչ թէ միայն խօսքով ու գիրով։ Ռ. Պօղոսեան եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ հիմնարկին մատուցած ծառայութեանց եւ անդամներու նուիրումին մասին։
Հիմնարկի ներկայացուցիչները ամէն տարեմուտի կ՛այցելեն առաջնորդին, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով շնորհաւորանք ու բարեմաղթութիւն փոխանցելու եւ տեղեկութիւններ տալու իրենց աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, որոնք կ՛ընդգրկեն Հայաստանն ու հայաշխարհը։ Տոքթ. Ճորտըն եւ այլ ներկաներ յայտնեցին, թէ անցեալ տարեշրջանին ունեցած են յաջող եւ արդիւնաբեր գործունէութիւն, ոսկրածուծի պատուաստումին համար նուիրաբերողներու ցանկը հասցուցած են 25,000ի ու պիտի աշխատին զայն բարձրացնել 30,000ի, նշելու համար հիմնարկին 15րդ տարեդարձը՝ այս տարի։ Հիմնարկը երախտապարտութեան զգացումով կը գործակցի «Մեմորիըլ», «Էտվենթիսթ» եւ «Չիլտրընզ» հիւանդանոցներուն հետ. վերջին շրջանին, ներկայացուցիչները այցելած են Պուլկարիա, Կիպրոս եւ կը յուսան կապեր ստեղծել նաեւ Ռուսիոյ հայութեան հետ։ Յաջորդ ժողովը նախատեսուած է Օսլոյի մէջ։

Իբրեւ յառաջիկայ գլխաւոր ծրագիրներ, հիմնարկը կը փափաքի, որ Արեւմտեան թեմին հետ զարգացած գործակցութեամբ՝ Ապրիլ 6ին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք բարձրացուի հիմնարկին հոգատարութիւնը վայելող հիւանդներուն համար. ապա, Մայիս 3ին տեղի պիտի ունենայ հիմնարկին տարեկան քայլարշաւը, իսկ Օգոստոս 10ին՝ տարեկան ճաշկերոյթը։ Հիմնարկի մասնագէտ ներկայացուցիչները այցելութիւններ կու տան նաեւ հայկական վարժարաններուն եւ պատրաստակամ են աւելի եւս ընդարձակելու այս աշխատանքը, մեր պատանիներուն ծանօթացնելու համար մարդասիրական այս աշխատանքին նպատակն ու մասնակցութեան կարելիութիւնները։
Պատուիրակութեան անդամներէն Հրաչ Լուքասեան, որ այլ ընկերակիցներու հետ Արարատի գագաթը բարձրացած էր վերջերս, առաջնորդին իբրեւ յուշանուէր բերած էր լուսանկար մը եւ Արարատէն վերցուած ժայռաբեկոր մը։ Առաջնորդը, իր կարգին, հիւր ներկայացուցիչներուն նուիրեց Ազգ. առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութենէն՝ աշակերտներու կողմէ մայրերուն ձօնուած աղօթքներու եւ մաղթանքներու գրքոյկէն օրինակներ, ինչպէս նաեւ՝ հայ մօր նուիրուած աղօթք մը եւ առաջնորդարանի օրացոյցը։
Հիմնարկի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդին եւ Ազգ. առաջնորդարանին՝ զօրակցութեան ու քաջալերանքին համար։