
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Այս օրերուն Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է առաջին հակասրճարանին։ Խումբ մը խանդավառ երիտասարդներ որոշած են բանալ հաստատութիւն մը, որուն նպատակն է ընկերներու հետ հաճելի ժամանակ անցընելը, ինչպէս նաեւ գործնական հանդիպումներ կայացնելը, նաեւ՝ առանձնանալը։ «Aeon» անունը կրող այս հակասրճարանին յաճախորդներուն կ՛առաջարկուի ո՛չ միայն վայր, այլ նաեւ ժամանցի բազմաթիւ միջոցներ։
Նման հաստատութիւնները բաւական տարածուած են Եւրոպայի մէջ եւ կը կոչուին «Թայմ քաֆէ», ուր կարելի է ուզած խաղիդ մասնակցիս: Բացի ատկէ «Aeon»ը Երեւանի միակ հաստատութիւնն է, ուր կարելի է երթալ ուտելիքով ու ըմպելիքով:
Հակասրճարանին մէջ պարբերաբար պիտի կազմակերպուին տարբեր խաղեր, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, երաժշտական երեկոներ եւ այլն: Հաստատութիւնը բաժանուած է չորս գօտիի՝ սրճարան, ուր կարելի է ճաշել, մեծ ձեռնարկներ կազմակերպել, հանգիստի գօտի, ուր կարելի է հանգստանալ եւ ընթերցել, սերտել, առեւտուրի գօտի, ուր կարելի է մարզումներ կազմակերպել, աշխատանքային հանդիպումներ կայացնել եւ պարին շուրջ գտնուող գօտի:
«Մենք որոշեցինք Երեւանում հակասրճարան բացել՝ հիմնուելով մեր իսկ պահանջարկի վրայ: Նախ՝ երբեմն ցանկանում ես մենակ ժամանակ անցկացնել, իսկ այդպիսի վայրեր Երեւանում չկան: Մենք դրա համար անհրաժեշտ ամէն ինչ ապահովում ենք: Երկրորդ՝ պատահում է, որ ընկերներով ցանկանում ենք կինոդիտումներ, խաղեր, թրէյնինգներ, համաժողովներ կազմակերպել, հանգիստ միջավայրում նստել՝ առանց բարձր երաժշտութեան, բայց յարմար տեղ չենք գտնում: Մեր սրճարանը նման միջոցառումներ կազմակերպելու հնարաւորութիւն է ընձեռում», յայտնած է «Aeon»ի հիմնադիրներէն Մանուշակ Վահրամեանը:
«Aeon»ը կը գտնուի Տէրեան փողոցին վրայ: Ցերեկային ժամերուն հոն մէկ ժամը կ՛արժէ 600 դրամ, ժամը 18:00էն ետք՝ 1000 դրամ: Փոխարէնը այցելուներուն կը հրամցուի անսահմանափակ քանակութեամբ թէյ, սուրճ, թխուածք եւ այլ թեթեւ խորտիկներ: Ինչպէս արդէն նշեցինք, այցելուները կրնան նաեւ իրենց հետ ուտելիք եւ ըմպելիք բերել: Որոշ օրերու հաստատութեան մէջ կարելի է նաեւ ոգելից ըմպելիներ ձեռք բերել: Բաց տարածութեան մէջ ծխելը արգիլուած է, սակայն ծխողներուն համար սրճարանին մէջ յատուկ գօտի կայ:
««Aeon» թարգմանաբար կը նշանակէ յաւերժութիւն, անվերջութիւն: Մեր սրճարանի համար ընտրեցինք այս անուանումը, քանի որ նախ՝ մենք այն ժամանակաւոր ենք «վարձում», եւ երկրորդ՝ ցանկանում ենք այցելուների համար այնպիսի ժամանց կազմակերպել, որպէսզի ժամանակը նրանց համար հաճելի լինի եւ աննկատ անցնի», նշած է Մանուշակ Վահրամեան:
Why did you put Nalbandian’s picture here?! 🙂