
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Յունուար 23ին, մինչ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէր, լիբանանեան ապահովական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ մէկ օր առաջ Թրիփոլիի մէջ վիրաւորուած լիբանանցի զինուոր մը մահացած է՝ վերջին վեց օրերու ընթացքին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած զինեալ ընդհարումներու զոհերուն թիւը բարձրացնելով տասի: Չորեքշաբթի գիշեր այլ զինուոր մը եւ քաղաքացի մը եւս սպաննուած էին:
Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյման Չորեքշաբթի օր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը՝ անոր հետ քննելով Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Թրիփոլիի զինեալ բախումները հակակշռելու եւ կայունութիւնը վերահաստատելու քայլերը:
Իր կարգին, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ Չորեքշաբթի օր նախագահեց հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մուհամմատ Սաֆատիի ներկայացուցիչ Ահմետ Սաֆատի, «Մուսթաքպալ» հոսանքի երեսփոխան Մուհամմատ Քապպարա եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուներէն՝ Ամեր Հասան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի ապահովական իրավիճակը եւ որդեգրուելիք միջոցառումները՝ հակակշռելու համար տիրող ներկայ ապակայունութիւնը: Հանդիպումէն ետք, Միքաթի դատապարտեց յատկապէս բանակին վրայ յարձակումները:
Նաեւ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպման շրջագիծին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց շարքին էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ընթացքին քննուեցան նաեւ Լիբանանի դէմ գործուող ահաբեկչական գործողութիւնները, յատկապէս՝ Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած վերջին պայթումին մանրամասնութիւններն ու Թրիփոլիի մէջ տիրող ապակայունութիւնը: