ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Բարի, առաքինի, մարդասէր ու ազնուական… այս չորս բառերը լաւագոյնս կը բնորոշեն ընկ. Կարօ Սեդրակեանի խառնուածքը, բնաւորութիւնն ու նկարագիրը: Մեր քառասուն ու աւելի տարիներու ընկերութիւնն ու ընտանեկան յարաբերութիւնը այդ կը վկայեն, այդ է որ տեսան Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջապատի իր հարազատները, համայն ծանօթ բարեկամներն ու կուսակցական ընկերները:
Կարօ Սեդրակեան 1957ին կ՛ամուսնանայ Սոնիա Յակոբեանին հետ ու անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ Արմէն, Անի եւ Լիզա, ու հինգ թոռներով՝ Սեւան, Լորի, Մարգարիտ, Քարին եւ Դաւիթ:
Կարօ Սեդրակեան ծնած է 1928ին, Թաւրիզ, Իրան, ուր նաեւ ստացած է իր նախնական ուսումը՝ տեղական հայկական վարժարաններու մէջ:
1946ին իր ծնողքին հետ կը փոխադրուի Միացեալ նահանգներ ու կը հաստատուի Օքլընտի մէջ, Քալիֆորնիա: Ան իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ Օքլընտի պետական վարժարանէն, ապա բարձրագոյն ու համալսարանական ուսումը՝ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, որպէս երկրաչափ, եւ կ՛արժանանայ ելեկտրական-մեքենական ճարտարագիտութեան տիտղոսին (Electrical and Mechanical engineering): Յաւելեալ մասնագիտական դասընթացքներու կը հետեւի՝ ճարտարագիտական-իրաւական եւ առեւտրական ճիւղերուն յատուկ (Engineering law and business), Պըրքլիի համալսարանին մէջ: Այս ժամանակաշրջանին, ան նաեւ երկու տարի՝ 1951-1953, կը ծառայէ ամերիկեան բանակէն ներս, Քորէական պատերազմի շրջանին: Որպէս ճարտարապետ՝ Կարօն կ՛աշխատի 1960-1976, Քալիֆորնիոյ նահանգի ճանապարհաշինութեան բաժանմունքին մէջ, Սաքրամենթօ: Այնուհետեւ, ընտանիօք կրկին կը փոխադրուի Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանը, Օքլընտ, որպէս նաւահանգիստի ու օդակայանի մասնագէտ եւ ղեկավար- ճարտարագէտ, ու աւելի քան 20 տարիներ կը գործէ պատասխանատու պաշտօններու վրայ, Օքլընտի մէջ: Մասնաւորաբար, հոս կ՛արժէ յիշել Օքլընտի օդակայանի «Terminal 2» մասնաբաժինի կառուցման շրջանը, ուր ընկ. Կարօն մեծ վաստակ ու աշխատանք ունեցաւ եւ որ այսօր ամբողջութեամբ կը գործածուի «Southwest» օդանաւային ընկերութեան կողմէ:
Ընկ. Կարօ Սեդրակեան իր պատանեկան տարիներուն կը միանայ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շարքերը, ապա՝ ՀՅ Դաշնակցութեան «Քրիստափոր» կոմիտէութեան, մինչեւ իր մահը:
Ան կանուխ տարիքէն եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ անդամ՝ ստանձնելով զանազան պաշտօններ. ծառայած է երկար տարիներ որպէս հոգաբարձութեան անդամ, ազգային երեսփոխան ու Ազգային վարչութեան անդամ: Եղած է եկեղեցւոյ «Պինկոյի յանձնախումբ»ի պատասխանատու անդամներէն ու մանաւանդ որպէս ճարտարապետ՝ մեծ ներդրում ունեցած է Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի եւ «Սարոյեան» սրահի շինարարական աշխատանքներուն մէջ, իբրեւ պատասխանատու ու վերակացու:
Երեք տարիներու վրայ երկարող իր անողոք հիւանդութիւնը պատճառ դարձաւ իր մահուան՝ իր ամուսնութեան 56րդ տարեդարձին օրը, Դեկտեմբեր 21, 2013ին, խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքի անդամները, իր բարեկամներն ու ընկերները:
Ընկե՛ր Կարօ, հողը թեթեւ գայ վրադ, այս քանի մը տողերը ծաղկեփունջ մը ըլլան անթառամ շիրիմիդ վրայ: Միշտ պիտի յիշենք քեզ:
Կարօ Սեդրակեանի քառասունքին առթիւ, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 26 Յունուար 2014ին, յաւարտ Ս. պատարագի: