ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մարտինի մէջ քրիստոնեայ դարձած թուրք երիտասարդ մը եւ շրջանի եկեղեցւոյ առաջնորդը ծեծուած են երիտասարդին ազգականներուն կողմէ: Ոստիկանները որոշ ժամանակ ետք կրցած են զանոնք փրկել, բայց անոնք մահուան սպառնալիքներ ստանան տակաւին: Քրիստոնեայ թուրքերու վրայ զանազան յարձակումներ գործուած են անցեալ տարուան ընթացքին։ Անոնք ո՛չ պաշտամունքի ազատութիւն, ո՛չ ալ կեանքի ապահովութիւն ունին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.