ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Թելեկրաֆ» թերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Վիվիըն Ռետինկ, որ Պրիւքսէլի մէջ ամէնէն ազդեցիկ պաշտօնատարներէն է, առաջարկած է Եւրոպական Միութիւնը վերածել Եւրոպայի Միացեալ Նահանգներու: Ռետինկ ընդգծած է, որ Եւրոպայի Միացեալ Նահանգներու ստեղծումը լաւագոյն զէնքը պիտի ըլլայ Եւրոպայի միասնութեան ընդդիմացողներուն դէմ: Ռետինկ կոչ ուղղած է այս հարցը ներառելու 2014ի գարնան Եւրոպական Միութեան մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններու օրակարգին վրայ: Փոխնախագահին առաջարկով, որուն համաձայն են շարք մը եւրոպացի պաշտօնատարներ՝ ազգային կառավարութիւններու եւ խորհրդարաններու դերը պիտի նուազի ու գերիշխանութիւնը պիտի յանձնուի Եւրոպական յանձնաժողովին ու Եւրոխորհրդարանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.