ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Նեզավիսիմայա Կազեթա» թերթը կը հաղորդէ, որ մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութիւնը, թէ Վրաստանի դիրքորոշումը՝ շրջանին մէջ նոր իրականութիւնը չընդունելու առնչութեամբ, կը խանգարէ Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի յարաբերութիւններու վերականգնումը՝ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ յայտնած է, թէ Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնումը կարելի չէ, այնքան ատեն, որ Վրաստանի տարածքին 20 առ հարիւրը տակաւին գրաւուած է եւ Մոսկուա կը ճանչնայ վրացական երկու շրջաններու (Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա) անկախութիւնը:
«Մենք Ռուսիոյ հետ բնական յարաբերութիւններ պիտի հաստատենք՝ միայն պահպանելով այն «կարմիր գիծեր»ը եւ սկզբունքները, որոնք կը կոչուին Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւն եւ գերիշխանութիւն», ըսած է Փանճիքիծէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.