25 Յունուար 2014ին, Ֆրանքֆուրթ-Մայն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանահայոց Կեդրոնական խորհուրդի վարչութեան կանխահաս ընտրութիւնը:
Վերջին շրջանին գաղութիս մէջ տիրող լարուած եւ ջլատիչ մթնոլորտին վերջ մը դրուեցաւ նախկին վարչութեան հրաժարմամբ եւ նորի մը ընտրութեամբ:
Ժողովին կը մասնակցէին աննախընթացօրէն բարձր թիւով անդամներ: Նոր վարչութիւնը ընտրուեցաւ ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ: Անիկա կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն. տոքթ. Նազարէթ Աղէկեան՝ նախագահ, Մատլէն Վարդեան՝ փոխնախագահ, Սամուէլ Լուլուքեան, Վեհանոյշ Դաւիթեան-Այնթապլեան եւ Թամար Համուշեան:
Գաղութիս մէջ տիրող լարուած եւ ջլատիչ մթնոլորտի վերացումը, Գերմանահայոց Կեդրոնական խորհուրդին հանդէպ վստահութեան վերականգնումը, հայկական հաստատութիւններու եւ միութիւններու հետ խանգարուած յարաբերութիւններու վերականգնումը, Արցախի հիմնահարցի հետապնդման աշխուժացումը, Հայաստանի պետականութեան հզօրացումն ու Ցեղասպանութեան 100ամեակի աշխատանքներու կազմակերպումը պիտի հանդիսանան նորընտիր վարչութեան գործունէութեան գլխաւոր առանցքը:
ԳԵՐՄԱՆԱՀԱՅՈՑ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ