
Ըստ Կիպրոսի մեր պաշտօնակից «Արձագանգ» թերթի կայքին վրայ տեղակայուած լուրին՝ խումբ մը Մելգոնեանցի շրջանաւարտներ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին ուղարկած են կոչ-բաց նամակ մը, որուն մէջ կը յայտնեն.
«Այս կոչ-բաց նամակով կը դիմենք ձեզի՝ վերաբանալու Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, մասնաւորաբար սուրիահայ աշակերտներու համար:
Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, վերջին շուրջ երեք տարիներուն Սուրիան կը գտնուի քաղաքացիական ահաւոր պատերազմի մէջ: Բոլոր կողմերը, առանց խտրականութեան, կը կրակեն եւ կը ռմբակոծեն զիրար: Այս ահաւոր վիճակին անմեղ զոհերէն են Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, Քէսապի եւ այլ շրջաններու սուրիահայութիւնը:
Այս ահաւոր, անապահով կացութեան դիմաց, շատ տրամաբանական պիտի ըլլար ակնկալել, որ պատուարժան վարչութիւնդ վերատեսութեան ենթարկէր «Մելգոնեան»ը փակելու որոշումը եւ անյապաղ վերաբանար Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, գլխաւորաբար սուրիահայ աշակերտներուն համար:
Վստահ ենք, որ նիւթական պատճառները արգելք չեն այս ակնկալութեան: Այս մարտահրաւէրը պէտք է ըլլայ ՀԲԸ Միութեան առաջնահերթ ձեռնարկը:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆՑԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐ