«Դիմատետր»ի «Հալէպահայեր» էջին վրայ տեղադրուած է հետեւեալ լուրը.
«Դարձեա՛լ ուրախացուցիչ լուր մը Հալէպէն։ Հրազդան Թոքմաճեան, որ Հայաստան ծնած, բայց երկար տարիներէ ի վեր Հալէպ հաստատուած արուեստագէտ մըն է, ներկայիս կ՛աշխատի իր աւարտին հասցնել շատ թանկագին աշխատասիրութիւն մը, որ նու-իրուած է Այնթապի ասեղնագործութեան։ Հրազդանին երկրորդ գործն է ասիկա նոյն կալուածին մէջ, քանի որ ան արդէն իսկ հրատարակած էր «Մարաշի Ասեղնագործութիւն» մեծածաւալ պատկերազարդ հատորն ալ )2010ին), որ ուշագրաւ նորութիւններ կը բերէր։
Վերջերս վերահասու եղանք Այնթապի ասեղնագործութեան նուիրուած հատորին բովանդակութեան եւ կրնանք այժմէն իսկ անվերապահօրէն յայտնել, որ փառաւոր ու գեղաճաշակ մատեան մը պիտի ունենանք մեր ձեռքին՝ երբ հրատարակուի այս գիրքը։ Ընթերցողը պիտի շշմի՝ տեսնելով թէ հեղինակը ինչպիսի՜ վարպետութեամբ հաւաքեր ու քով-քովի բերեր է այն անհամար տեղեկութիւնները, որոնք կ՛առընչուին Այնթապի ասեղնագործութեան եւ ասեղնագործ հայուհիներու աշխատանքին՝ Այնթապի մէջ թէ Հալէպ կամ այլուր։
Միայն այսքան ալ չէ։ Այս գիրքը շատ լայն հորիզոն մը կը բանայ մեր առջեւ Այնթապի մէջ կիրարկուած արհեստներու մասին, մէկ առ մէկ կը ծանօթացնէ մեզի այն շնորհալի հայուհիները, որոնք ժանեակներ կարեցին տարիներ շարունակ, այն հաստատութիւնները, ուր աշխատանոցներ բացուեցան եւ ասեղնագործութիւն ուսուցուեցաւ հարիւրաւոր հայերու։ Եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր։
Բայց հատորին ուրիշ մէկ արժանիքն ալ հրաշալի լուսանկարներն են, որոնք մեզի ցոյց կու տան ժանեակներ, ծածկոցներ, շապիկներ, թաշկինակներ եւ ձեռային բազմագոյն ու բազմաձեւ աշխատանքներ, որոնք հիմա թանգարաններու զարդեր են արդէն»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.