ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Վստահ եմ, որ ինծի նման շատեր մեծ խանդավառութեամբ կարդացին հայաստանեան ընկերութեան մը կողմէ «Արմթապ» անունով փոքր, դիւրակիր համակարգիչներ արտադրելու լուրը:
Արհեստագիտութեան բարձրագոյն ոլորտներու մէջ հայկական հանճարի ներկայութիւնը տեսանելի է այդ ասպարէզի զարգացումներուն հետեւողներուն համար: Հայաստանի մէջ ալ, համեմատաբար, մեծ է թիւը հայ երիտասարդներուն, որոնք բարձր արհեստագիտութեան մէջ նուաճումներ կը կատարեն՝ իրենք զիրենք լաւագոյնս դրսեւորելով թէ՛ ծրագրումի եւ թէ ճարտարագիտութեան ճիւղերուն մէջ:
Մեր անմիջական շրջապատին մէջ եւս կան գիտնական-գործարար մարդիկ, որոնք տէր են ընկերութիւններու, կամ որոնք կառավարիչի մակարդակով կը ղեկավարեն համակարգչային ծրագրաւորումով թէ տեղեկատուական սպասարկութիւնը կատարելագործող ու արագացնող սարքերու արտադրութեամբ զբաղող ձեռնարկութիւններ. անոնցմէ ոմանք անձնական նախաձեռնութեամբ իրենց մասնաճիւղերը ստեղծած են Հայաստանի մէջ: Դժբախտաբար, այսպիսի մարդկանց թիւը շատ քիչ է, ու գործ գտնելու եւ մանաւանդ իրենց մասնագիտական կարողութեան համապատասխան վճարում ապահովելու դժուարութիւնները այս ոլորտի բազմաթիւ երիտասարդ աշխատողները մղած են երկրէն դուրս գալու եւ օտար ափերու վրայ իրենց կեանքը կառուցելու:
Այս տեսանկիւնէն է որ «Արմթապ»ի ծնունդը եւ շուկայ գալը յուսալի իրադարձութիւն կը նկատենք եւ կը մաղթենք, որ անիկա կարենայ գոհացնել սպառողները, մրցունակ ըլլալ օտար համապատասխան արտադրութեանց հետ եւ բացի տեղականէն՝ կարենայ նաեւ պատուէրներ ստանալ արտասահմանէն:
Ողջունելի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, յանձինս կրթական նախարարութեան, նեցուկ կը կանգնի այս ձեռնարկին՝ ներգրաւելով անոր արտադրութիւնը իր ծրագիրներուն մէջ, իւրաքանչիւր դպրոցական երեխայի համար մէկ դիւրակիր համակարգիչ ապահովելու իր առաջադրանքը իրականացնելու նպատակով:
Այսպէս, թէ՛ դպրոցական երեխան պիտի օգտուի հայկական կրթական ծրագիրներ բովանդակող համակարգիչով իր ուսումը ստանալու հնարաւորութենէն, եւ թէ հայ ծրագրաւորողն ու համակարգիչներու արտադրութեան մէջ աշխատող երիտասարդները պիտի կարենան արժանապատիւ վճարումով գործ գտնել: Յուսանք, որ «Արմթապ» արտադրողները գերշահոյթ ապահովելու հիւանդութենէն չեն տառապիր ու իրենց աշխատողներուն արժանապատիւ վճարում կ՛ապահովեն:
Մենք ալ, մեր կարգին, մեր կարելին պէտք է ընենք՝ քաջալերելու համար այս սարքերու արտադրութիւնը: