
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վանի Բաշքալէի շրջանը գտնուող եւ 1915էն ետք լքուած հայկական Սուրբ Բարթողիմէոս եկեղեցին վերանորոգելու աշխատանք կը տարուի թրքական իշխանութիւններուն նախաձեռնութեամբ:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Չորեքշաբթի, Փետրուար 5ին հաղորդած է, թէ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Վանի նահանգային վարչութեան պետ Մուզաֆեր Աքթուղի տեղեկութիւններով՝ եկեղեցին «հոգեւոր զբօսաշրջութեան» ծառայեցնելու նպատակով վերակառուցման նախագիծը յանձնուած է արդէն մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան:
Թուրք պաշտօնատարը նշած է, թէ նախարարութեան կողմէ ծրագիրի հաստատումէն ետք պիտի սկսի եկեղեցւոյ վերանորոգումը:
Նշենք, որ պաշտօնատարը այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու ընթացքին չէ յիշեցուցած, որ եկեղեցին հայկական է:
Երկար տարիներ եկեղեցին գտնուած է զօրամասի մը սահմաններէն ներս եւ միայն անցեալ տարի, զօրամասի տեղափոխութենէն ետք, կարելի եղած է այցելել եկեղեցին:
Ըստ աւանդութեան՝ եկեղեցին Բարթողիմէոս առաքեալի գերեզմանին վրայ կառուցել տուած է Սանատրուկ թագաւորը: