
Հոլանտայի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան 2014, Երեքշաբթի, Փետրուար 4ին այցելեց Լա Հէյի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանութիւն եւ հանդիպեցաւ դեսպանորդներ Անեա Զոպրիստ Ռենթենարի եւ Ֆիլիփ Պրանտի հետ: Հանդիպման նպատակը հոլանտահայութեան անունով Զուիցերիոյ կառավարութեան փոխանցելն էր խնդրագիր մը, առ այն, որ Մարդու Իրաւունքների Եւրոպայի դատարանի որոշումը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող Փերինչեքի վերաբերեալ բողոքարկուի այդ երկրի արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ:
Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ Հոլանտայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Սեպուհ Աբրահամեան: Հիւրերը հանգամանալից կերպով ներկայացուցին հոլանտահայերու մտահոգութիւնները կապուած ՄԻԵԴի յայտնի որոշման հետ: Մասնաւորապէս ըսուեցաւ, որ դատավճիռը բաւարար հիմնաւորուած չէ եւ այն հանգամանքը, որ որոշումը միաձայնութեամբ չէ ընդունուած՝ կը վկայէ այդ մասին: Ընթացքին խօսուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտի վերջին յայտարարութիւններուն մասին, որոնք անգամ մը եւս կ՛ամրապնդեն Ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան անհրաժեշտութիւնը:
Դեսպանորդները շնորհակալութիւն յայտնեցին այցին համար եւ խոստացան Հայ Դատի խնդրագիրը փոխանցել իրենց կառավարութեան: Անոնք յայտնեցին, որ խնդիրը այս պահին կը գտնուի արդարադատութեան նախարարութեան տնօրինութեան տակ եւ այնտեղ է, որ պիտի կայացուի բողոքարկման որոշումը: Ըստ անոնց՝ մինչեւ Մարտ 17 տրուած ժամկէտը արդարադատութեան նախարարութիւնը լիովին կ՛օգտագործէ այս բարդ որոշումը կայացնելու համար: