
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սուրբ Գրոց սերտողութեան խմբակներու Ս. Ծննդեան սիրոյ ճաշը տեղի ունեցաւ Յունուար 12ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ։ Ճաշկերոյթը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։
Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Գրիգոր Մսըրլեան բացատրեց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդը։ «Բեթլեհէմի աստղը կը փայլէր 2000 տարի առաջ մեր տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան ժամանակ եւ այդ աստղը տակաւին կը փայլի մեր բոլորի սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, աւետիս տալով՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս», ըսաւ ան եւ խօսեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակին մասին, որով 2014 տարին հռչակուած է Տարեցներու Տարի։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին՝ անոր հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան՝ սրահի գործածութեան համար։ Ապա հրաւիրեց Սօսի Կապրիէլը՝ վարելու յայտագիրը։
Ս. Կապրիէլ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան համար: Առաջին հերթին, Հեղինէ Հարպոյեան երգեց «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» եւ «Ով զարմանալի» Ս. Ծննդեան շարականները՝ ստեղծելով կրօնական ջերմ մթնոլորտ մը բոլորիս։
Էմմա Նովշատեան ընթերցեց Հին Կտակարանէն Միքիա մարգարէի խօսքը՝ «Եւ դու՛ն, ո՛վ Բեթլեհէմ Եփրաթա.. քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ» (Միքիա, գլուխ 5, համար 2)։ Ան ընթերցեց նաեւ Եսայի մարգարէի խօսքը՝ «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի (Եսայի, գլուխ 7 համար 14)։
Յաջորդիւ, Հրաչ Եսայեան եւ Սարգիս Կէնճեան երգով ու նուագով ոգեւորեցին ներկաները։ Նայիրի Գոճապապեան արտասանեց Մուշեղ Իշխանի «Բեթղեհէմի Աստղը» բանաստեղծութիւնը։ Ապա Նուարդ Պալըքճեան, Շաքէ Սեդրակեան, Յարութ Մեսրոպեան եւ Շանթ Արսլանեան երկլեզու կարդացին Մաթէոսի աւետարանի երկրոդ գլուխէն 1-12 համարները, ուր աւետարանիչը կը նկարագրէ մոգերուն այցելութիւնը Երուսաղէմ եւ ապա Բեթղեհէմ, երկրպագելու համար մանուկ Յիսուսին։
Յակոբ Տիգրանեան հայերէնով բացատրեց Ս. Ծննդեան մեծ խորհուրդը. նախ՝ անարատ յղութիւնը Ս. Մարիամ Աստուածածինի եւ ապա Քիստոսի համեստ ծնունդը ախորի մը մսուրին մէջ։
Աւետարանի ընթերցումներ կատարեցին Հերմինէ Սանճեան եւ Վիքի Թըրնըր, որոնք երկլեզուանի ընթերցեցին Մաթէոս աւետարանի առաջին գլուխէն 18-25 համարները, ուր մանրամասն կը նկարագրուի Մարիամ Աստուածածինի յղութիւնը Ս. Հոգիէն եւ Յովսէփի հնազանդութիւնը հրեշտակի հրահանգին՝ ամուսնանալու Մարիամ Աստուածածինի հետ։
Նուագի ընկերակցութեամբ երգուեցան «Ահա մեզի մանուկ մը ծնաւ», «Լսեցէք կ՛երգեն հրեշտակները» եւ «Ինծի նայէ ո՜վ Տէր» երգերը։
Մատլէն Թադոյեան, Թագուհի Սիմոնեան եւ Յարութ Մեսրոպեան ընթերցեցին Ղուկասու աւետարանի Բ. գլուխէն համարներ 1-15, ուր կը նկարագրուի Մարիամ Աստուածածինի եւ Յովսէփի ճամբորդութիւնը Նազարէթէն մինչեւ Բեթլեհէմ, մանուկ Յիսուսի ծնունդը եւ հրեշտակներու օրհնաբանութիւնը Աստուծոյ։
Կարօ Գոճապապեան անգլերէնով տուաւ Ս. Ծննդեան պատգամը եւ բացատրեց Յիսուսի տրուած նուէրներու իմաստը. ոսկին՝ ընծայուած թագաւոր Աստուծոյ, կնդրուկ՝ անուշահոտ խունկ՝ ընծայուած Աստուծոյ, եւ զմուռս՝ դառնահամ խէժ՝ ընծայուած Փրկիչին։ Ան նաեւ բացատրեց Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ որոշումը՝ Ս. Ծնունդը տօնելու Յունուար 6ին, ապա՝ Ս. Ծննդեան առթիւ գործածուած զարդերուն իմաստը։ Մատլէն Թադոյեան արտասանեց Մուշեղ Իշխանի «Նոր Տարին»: Նուարդ Պալըքճեան եւ Վիքի Թըրնըր երկլեզու ընթերցեցին Ղուկասու աւետարանէն գլուխ 2, համար 15-21։
Աւարտին, Սօսի Կապրիէլ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրի բոլոր մասնակցողներուն՝ փառք տալով Աստուծոյ։ Ներկաները երգեցին «Կիլիկիա» երգը եւ հոգեկան բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ։
Տեղւոյն վրայ հաւաքուած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները փոխանցուեցան եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան՝ ի պայծառութիւն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ