
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 16 Յունուարին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Իմ Ուղեպատումը» գիրքի շնորհահանդէս-գինեձօնը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան, «Սարդարապատ» գրախանութի տնօրէնութեան եւ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան կողմէ:
Սրահը լեցուն էր: Գրող, մտաւորական ու ընթերցասէր հասարակութիւն մը հաւաքուած էր ունկնդրելու «Իմ Ուղեպատումը» գիրքի մասին Դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի վերլուծական զեկոյցը (կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ) եւ Թամար Թիւքէնկճեան-Սէրայտարեանի կողմէ ներկայացումը՝ քաղուածքներու ճամբով:
Հեղինակի կենսագրական գիծերը նեկայացուց ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ստանձնած, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեանը:
Նկատի ունենալով, որ հեղինակի ստորագրութեամբ գիրքի լոյս ընծայման ու անոր բովանդակութեան մասին սպառիչ յօդուած մը լոյս տեսած էր նախորդող Երեքշաբթի օրուան «Ասպարէզ»ի թիւով, ձեռնարկը իր ներկայութեամբ պատուող Վրէժ Արմէնին կը մնայ անմիջական զրոյց ունենալ գինեձօնին մասնակիցներուն հետ, պատասխանելով անոնց հարցերուն:
Ձեռնարկի սկիզբը եւ աւարտին հեղինակը սիրով մակագրեց իր գիրքը ունենալ փափաքողներուն օրինակները:
Ստորեւ կը ներկայացնենք դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի վերլուծումը՝ ամբողջութեամբ.