(Ծնեալ՝ Յունիս 26, 1961ին Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Անի Պաղտոյեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2014ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2014, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, 17231 Sherman Way, ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ:

Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Սարգիս Պաղտոյեան
Դուստրը՝ Թալին եւ Իշխան Դաւիթեան
Դուստրը՝ Լարա Պաղտոյեան
Քոյրը՝ Զարմինէ եւ Յարութիւն Քէշիշեան եւ ընտանիք (Հալէպ)
Եղբայրը՝ Յարութ եւ Մատլէն Պաղտատեան եւ ընտանիք (Հալէպ)
Տալը՝ Սեդա եւ Կարպիս Պալճեան եւ ընտանիք
Տալը՝ Սօնա եւ Պարգեւ Քութուճեան եւ ընտանիք
Տալը՝ Լիզա եւ Ռիչըրտ Նովենսքի եւ ընտանիք (Լոնտոն)
Եւ համայն Պաղտոյեան, Դաւիթեան, Քէշիշեան, Պաղտատեան, Պալճեան, Քութուճեան, Նովենսքի, Մարտիրոսեան, Խանչերեան ընտանիքներն ու հարազատները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Olympia սրահին մէջ, 16922 Sherman Way, Van Nuys, CA 91406:
ԱՆԻ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆի մահուան տխուր առիթով Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամ-անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն: