ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Հաքքին» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ վերջերս ազատ արձակուած ընդդիմադիր գործիչ Ռասուլ Մուրսալով, անցած շաբաթավերջին դարձեալ ձերբակալուած է: Մուրսալով իր հերթական ձերբակալութեան մասին հեռաձայնով տեղեակ պահած է իր ընկերը՝ Պահրուզ Հասանովը:
Ըստ Հասանովի՝ ոստիկանները ենթական ձերբակալած են մայրաքաղաքի փողոցներէն մէկուն մէջ: Ձերբակալութեան պատճառներուն մասին հարցումի մը ոստիկանութեան աշխատակիցները պատասխանած են, թէ Մուրսալով «վիրաւորած է պետականութիւնն ու նախագահը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.