ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Կիրակի, Փետրուար 9ին տեղի ունեցած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկաուտներուն «Արարատ Տուն» տարեկան այցելութիւնը, որուն մասնակցած են 55 սկաուտներ:
Տարեկան հերթականութեամբ կատարուող այս այցելութեան նպատակն է զուարճացնել հայ տարեցները գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով մը:
Այս տարուան այցելութեան ընթացքին սկաուտները ներկայացուցած են շարք մը սկաուտական երգեր ու կանչեր, ինչպէս նաեւ՝ ազգային երգերու փունջ մը:
Նաեւ, գայլիկներն ու արծուիկները արտասանած են «Խօսք Իմ Որդուն» արտասանութիւնը, իսկ «Արի» խմբակը տարեցները հիացուցած է՝ կազմելով երեք մարդկային բուրգեր:
Իրենց կարգին, Կակուղ թաթիկները արտասանած են «Հայ Եմ Ես» բանաստեղծութիւնը, իսկ աւարտին բոլոր սկաուտները առիթ ունեցած են անհատաբար զրուցելու տարեցներուն հետ՝ աւելի մօտէն ծանօթանալով անոնց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.