ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ատրպէյճանցի փորձագէտները անուղղակիօրէն կը խոստովանին, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ հայկական զինուած ուժերու դիրքերն ու մարտական պատրաստուածութիւնը աւելի բարձր մակարդակի վրայ է, եւ հայկական կողմի մարտական պատրաստուածութիւնն է, որ կը ստիպէ ատրպէյճանական կողմը՝ աւելի սպառազինուելու: «Մեդիա կենտրոն»ին մէջ կայացած տեսակամուրջին ընթացքին Մարդկայնական հետազօտութիւններու ատրպէյճանական կեդրոնի ղեկավար, Գերիներու ազատագրման միջազգային աշխատանքային խումբի անդամ Աւազ Հասանով դիտել տուած է, որ ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչներուն հետ տարիներէ ի վեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին լսած է այն տեսակէտը, որ ատրպէյճանական կողմը չի կրնար թոյլ տալ, որ հայ զինուորները սահմանին վրայ ազատ ըլլան, որ անոնք տիրապետեն իրավիճակին: Ըստ փորձագէտին, սահմանին իրավիճակն ու դրութիւնը այնքան ալ ձեռնտու չեն Ատրպէյճանի համար, եւ ան պարտաւոր է սպառազինուիլ, պարտաւոր է արձակազէնները չհեռացնել սահմանէն: Ըստ Հասանովի՝ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, քանի որ կողմերը արձակազէնները չեն հեռացներ սահմանագիծին վրայէն։
«Կովկաս» հիմնարկի փոխտնօրէն Սերգէյ Մինասեան Հասանովին յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը բազմիցս յայտարարած է, թէ պատրաստ է հեռացնելու արձակազէնները, սակայն Ատրպէյճան համաձայն չէ գտնուած։ Մինասեանի այս դիտարկման Հասանովը չէ արձագանգած, իսկ անոր գործընկերը՝ «Պաքու Փոսթ» թերթի խմբագիր Քենան Կիւլուզատէն, իրավիճակէն դուրս գալու համար կարեւոր նկատած է հակամարտութեան լուծումը, ոչ թէ արձակազէններուն հեռացումը:
«Կապ չունի՝ ինչով կը կրակեն, խնդիրն այն է, որ սահմանին վրայ մահուան դէպքերը կը շարունակուին, իսկ հակամարտութիւնը լուծուած չէ: Կարեւորը հակամարտութեան լուծումն է», դիտել տուած է Կիւլուզատէ, սակայն չէ մատնանշած, թէ ինչպէ՛ս կը ներկայացնէ հարցին լուծումը։
Այս պարագային կարեւորը Փետրուարին սպասուող երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպումն է, քանի որ անոնք պիտի վարեն բանակցութիւններն ու ամբողջ պատասխանատուութիւնը անոնց ուսերուն է:
«Այսօր, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահները չեն ուզեր վտանգի դիմել եւ իրենց հասարակութիւնները վատ իրավիճակի մէջ դնել, հետեւաբար այս իրավիճակը դեռ երկար պիտի շարունակուի այսպէս», նշած է Հասանով։ Ըստ անոր՝ թերեւս հասարակութիւնները որոշակի դեր խաղան եւ օգնեն հակամարտութեան կարգաւորման: Այս խօսքերուն ի պատասխան՝ Քենան Կիւլուզատէ ըսած է, որ Ատրպէյճանի հասարակութիւնը բացառապէս մարտական տրամադրուած է ու դժուար թէ կարենայ օգնել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
Սերգէյ Մինասեան աւելցուցած է, որ մարտական տրամադրուածութեան զուգահեռ որեւէ ժողովուրդ, յատկապէս հայ ժողովուրդը չ՛ուզեր պատերազմին վերսկսումը
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.