ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան նախաձեռնած խորհրդատուական նոր ծրագիրը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է: Անոր նպատակն է նպաստել իր անդամներու կրթական եւ աշխատանքային նպատակներու յաղթահարման: Այս ծրագիրին համար, շրջանի ՀԵԴն կը գործակցի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցին հետ:
Խորհրդատուական ծրագիրին մասնակցող իւրաքանչիւր երիտասարդ պիտի ունենայ իր խորհրդատուն, որ ենթակային կրթական կեանքի զանազան հանգրուաններուն ընթացքին պիտի խաղայ առաջնորդողի ու խորհրդականի դերը: «Այս ծրագիրի ծնունդին առաջին օրէն իսկ խանդավառ էի միանալու անոր», կը յայտնէ Պըրպենքի ՀԵԴ «Վարագ» ուխտի անդամ Թալին Մահսէրէճեան՝ աւելցնելով, թէ իրեն համար նշանակուած խորհրդատուն յատկանշականօրէն նպաստած է համալսարանի մուտքի դիմումնագիրներու ամբողջացումին:
Համալսարանի մուտքի դիմումնագիրներու ամբողջացումին նպաստելու կողքին, խորհրդատուները ցուցմունքներ եւ միջոցներ կը տրամադրեն վարժողական ծրագիրներու բացայայտման, շրջանաւարտ ըլլալէ ետք աշխատանքի կարելիութեան փնտռտուքի եւ շարք մը այլ մարզերու վերաբերեալ:
Կլենտէյլի ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտի անդամ Թալին Պաղտատլեան եւս օգտուած է խորհրդատուական այս ծրագիրէն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀԵԴին, որ նման արժէքաւոր սպասարկութիւն կը մատուցէ շրջանի երիտասարդութեան: Խորհրդատուական այս ծրագիրէն օգտուելու կամ իբրեւ խորհրդատու սպասարկութիւններ մատուցելու համար, դիմել
mentorship@ayfwest.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.