
ՖՐԵԶՆՕ, «Ֆրեզնօ Պի».- Ստեփան «Սթիւ» Փիլիպոս նորարար հողագործ մըն էր Քալիֆորնիոյ կեդրոնական հովիտի արեւմտեան շրջաններուն մէջ. հողագործութեան կողքին, ան ունէր շարք մը այլ հետաքրքրութիւններ. նաեւ, համալսարանական վկայականներ ունէր իմաստասիրութեան, գրականութեան, արդարադատութեան ճիւղերուն մէջ: Ձիերու, որսի եւ ինքնաշարժներու սիրահար մըն էր ան, որ 90ականներուն յատկանշական հարստութիւն կրցաւ գոյացնել՝ շնորհիւ Ֆրեզնոյի մէջ իր շինարարական ծրագիրներուն:
Փիլիպոս իր մահկանացուն կնքեց Յունուար 21ին, Ֆրեզնոյի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Ան 102 տարեկան էր:
Ժամանակ մը, Սթիւ Փիլիպոս եւ եղբայրը՝ Ալէքը, ունէին Քալիֆորնիոյ մէջ սեխի արտադրութեան մեծագոյն ընկերութիւնները՝ «Միշըն Պել» եւ «Փիլիպոս Եղբայրներ» անունով, արտադրելով սեխի նոր տարբերակներ, որոնցմէ մէկը՝ Սուրիայէն բերուած կուտերով: Աւելի ուշ Սթիւ նետուեցաւ շինարարական մարզ՝ Ֆրեզնոյի քաղաքամէջը գտնուող «Հիլթըն» պանդոկին ու քաղաքի տարածքին շարք մը շուկաներու կառուցման ծրագիրները իրականացնելով:
Ներկայիս, անոր ընտանիքին կը պատկանին Մենտոթայի մէջ գտնուող 2000 արտավար (էյքըր) հողագործական տարածք մը, Ֆրեզնոյէն հարաւարեւելք գտնուող 40 արտավար ագարակ մը եւ շարք մը այլ կալուածներ:
Ֆրեզնոյէն հարաւարեւելք, Սթիւ Փիլիպոսի կողմէ նուիրուած տարածքի մը վրայ իր անունով զբօսավայր մը գոյութիւն ունի: Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սել Քուինթերօ կը յայտնէ, թէ Սթիւ Փիլիպոս շարք մը մարզերու մէջ գիտակ անձնաւորութիւն մըն էր:
Փիլիպոս ընտանիքը Ֆրեզնօ հաստատուած է 20րդ դարու սկիզբը եւ Սթիւ եղած է Եփրեմ եւ Մարի Փիլիպոսներու վեց զաւակներուն կրտսերագոյնը: Սթիւի դուստրը՝ Սարան, կը յայտնէ, թէ իր հայրը յատուկ սէր ունէր իր աւագ եղբօր՝ Ալէքի նկատմամբ: 1966ին մահացած Ալէքի եւ անոր կոնջ՝ Ռոզի, անունով կը կոչուի Լոս Անճելըսի (Փոքրիկ Հայաստան) մէջ հայկական վարժարան մը, անոնց հաստատած հիմնադրամին շնորհիւ: Սարա կը յայտնէ, թէ իր հայրը եւս մարդասիրական շարք մը գործեր կատարած է:
Սթիւի բարեկամ տոքթ. Տէյվիտ Թէյլըր կը յայտնէ, թէ հակառակ իր կապերուն, (անոր բնակարանին մէջ կան Միացեալ Նահանգներու երեք նախագահներու՝ Տուայթ Այզընհաուըրի, Ճան Էֆ. Քենետիի ու Ռանըլտ Ռեկընի հետ Սթիւի լուսանկարները) Սթիւ համեստ անձնաւորութիւն մը եղած է:
Քուինթերօ կը յիշէ, թէ 1990ականներու վերջաւորութեան, երբ Սթիւի փոխանցած են, թէ Ֆրեզնոյի հարաւարեւելքը զբօսավայրի մը պէտք ունի, ան ընդունած էր շրջանին մէջ յարկաբաժիններ կառուցելու իր ծրագիրէն հրաժարիլ եւ հողամասը նուիրած էր քաղաքին, պայմանով, որ քաղաքապետութիւնը մէկ տարուան ընթացքին սկսի տարածքը զբօսավայրի մը վերածելու աշխատանքին: