
ԵՐԵՒԱՆ.- Տերսիմի հայերու հաւատքի եւ ընկերային փոխօգնութեան միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին, «Արմէնփրէս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ միութիւնը կը հետաքրքրուի այն հայերով, որոնք Տերսիմի մէջ կը վախնան իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտելէ, եւ կը փորձէ օգնել անոնց, որպէսզի ձերբազատուին այդ վախէն: Միութիւնը Երեւանի եւ Տերսիմի միջեւ մշակութային կապեր հաստատելով՝ կը նպաստէ, որ կողմերը զիրար աւելի լաւ ճանչնան: Զոր օրինակ, միութիւնը 2013ի ամրան, Երեւանէն Տերսիմ հրաւիրած էր «Կարին» ազգագրական երգի եւ պարի համոյթը, ինչպէս նաեւ Տերսիմի հայերու մասին ամսագիր եւ գիրք կը հրատարակէ: Կիւլթեքին կը նշէ, որ թէեւ յստակ տուեալներ չկան, սակայն իրենց կարծիքով՝ Տերսիմի մէջ մեծ թիւով հայեր կ՛ապրին, գոյութիւն ունի 162 եկեղեցի, մատուռ եւ վանք՝ բոլորն ալ աւերուած վիճակի մէջ: Ան կը յայտնէ, որ Թուրքիան դիւրութեամբ վերափոխման գործընթաց պիտի չապրի, սակայն ներկայիս Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը, յանուն Եւրոպայի առջեւ աւելի ժողովրդավար երեւելուն եւ Թուրքիոյ մէջ զինուորականութեան խաւը աւելի տկարացնելուն՝ ոչ իսլամ ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ աւելի ջերմ վերաբերում ցոյց կու տայ: Այդ մէկը մտածելակերպի փոփոխութիւն չէ, այլ պարզապէս քաղաքականութիւն՝ յանուն սեփական շահերու: Մեկնելով Թուրքիոյ ազգային միասնութեան գաղափարէն՝ ոչ իսլամներու հանդէպ ժողովրդավար կերպով չեն վերաբերիր եւ զանոնք կը դիտեն իբրեւ վտանգ: «Սակայն մենք չենք կրնար այս իրավիճակին մէջ լուռ մնալ: Շարունակ անոնց կը յիշեցնենք մեր դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը: Իբրեւ արդիւնք՝ 2015ին շատ բան փոխուած պիտի չըլլայ, սակայն մենք, աւելի շատ աչքի զարնելով՝ պիտի աշխատինք տէր կանգնելու մեր իրաւունքներուն: Պիտի շարունակենք մեր պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուի ժողովրդավար մշակոյթ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ գոյութիւն ունեցող սառոյցին՝ Կիւլթեքին կը յայտնէ, թէ «մենք պիտի չմոռնանք Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ պետութիւնը պիտի ստիպենք, որ ընդունի Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն հաւասար աչքով նայի: Ոչ թէ պիտի փորձենք Թուրքիա բնակող տարբեր հատուածները դիտել իբրեւ թշնամի, այլ հակառակը՝ ընդուիլ տալ մեր ճշմարտութիւնը, միաւորել մեր մշակութային ընդհանրութիւնները, բանալ սահմանի դռները ու զարգացնել առեւտրական եւ մշակութային յարաբերութիւնները: Սակայն չի թուիր, որ այս բոլորը մօտիկ ապագային իրագործելի պիտի ըլլան»:
Մինչեւ 20րդ դարու սկիզբ, Տերսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Տերսիմի մէջ նախքան թրքացումը, հայկական եղած են նաեւ տեղանունները: Պատմութեան ընթացքին, Տերսիմի շատ գիւղերու մէջ, հայեր եւ քիզիլպաշներ համերաշխօրէն կ՛ապրէին, մինչեւ իսկ քիզիլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: 17րդ դարէն սկսեալ, Պինկէօլի, Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններու հայեր, չդիմանալով Օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն՝ հաստատուած են Տերսիմ եւ դարձած են ալաուի (իսլամական շիի յարանուանութեան մէկ ճիւղը): Ցեղասպանութեան տարիներուն, տերսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու, որոնցմէ շատերը եւս ալաուի դարձած են: 1938ին, թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տերսիմի ցեղախումբեր ու անոնց կողքին զէնք վերցուցին դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդած քեմալական բանակի ջարդերուն, տերսիմցիներու կողքին ջարդուած են նաեւ հայեր: Կարգ մը պատմաբաններու համաձայն՝ այդ ջարդերուն զոհ գացած է 70,000 հոգի:
Վերջին քանի մը տարիներուն շատ տերսիմցիներ վերադարձած են իրենց հայկական արմատներուն, ու հաստատուած է նաեւ Տերսիմցի հայերու հայրենակցական միութիւնը: