ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիա օրերէ ի վեր կ՛եռեւեփէր նոր հարցով մը, որ կ՛առնչուէր համացանցը հակակշիռի տակ դնելուն։ Այս գծով խորհրդարանին վաւերացուցած օրինագիծին համաձայն՝ Թուրքիոյ հաղորդակցութեանց մարմինը պիտի կարենայ չորս ժամուան ընթացքին համացանցէն հանել նախատական բնոյթի լուրերն ու գրութիւնները։
Ընդդիմութիւնը օրերէ ի վեր փոթորիկ պայթեցուցած է՝ պնդելով, թէ նոր օրէնքը պիտի բռնաբարէ համացանցին միջոցաւ հաղորդակցութեան ու լրատուութեան ազատութիւնը։ Շատեր կը յուսային ու կը մաղթէին, որ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ չվաւերացնէ այդ օրէնքը։
Սակայն Կիւլ, Չորեքշաբթի, Փետրուար 19ին ստորագրեց օրինագիծը՝ յուսախաբութիւն պատճառելով իրմէ մերժում սպասողներուն։ Նախագահը, թէեւ վաւերացուց, բայց դիտել տուաւ, որ նեղացուցիչ երկու կէտեր կային օրինագիծին մէջ ու պահանջեց, որ կառավարութիւնը բարեփոխէ այդ երկու կէտերը։
Կառավարական շրջանակները կը ջանան հանրային կարծիքը տարհամոզել՝ պնդելով, թէ օրէնքը համացանցի ազատութեան որեւէ վնաս պիտի չպատճառէ, այլ պարզապէս ապօրինի գրութիւններու կամ լրատուութիւններու տարածումը պիտի կասեցնէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.