Կիրակի, Փետրուար16ին, Պերլինի Ս. Լուիզէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագի ընթացքին Հալլէի Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գնէլ Գաբրիէլեան հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց Սումգայիթի, Բաքուի եւ Գանձակի ջարդերու հայ զոհերու, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանցի մարդասպանին կողմէ կացնահարուած երիտասարդ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին:
Արարողութեան ներկայ էր Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեան՝ դեսպանութեան շարք մը աշխատակիցներու հետ միասին:
Գերմանացի հիւրերուն համար պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութեան ամբողջ ընթացքը զուգահեռաբար թարգմանուեցաւ գերմաներէնի: Եկեղեցական արարողութեան աւարտէն ետք Պերլինի հայ համայնքի քանի մը տասնեակ ներկայացուցիչներ հաւաքուեցան Հայ եկեղեցական եւ մշակութային միութեան ակումբին մէջ:
Դեսպան Յովհաննիսեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով, յատկապէս կարեւորելով կազմակերպուած հայութեան համախմբումը Հայրենիքի եւ անկախ ու ինքնուրոյն պետականութեան շուրջ: Ելոյթը ջերմօրէն եւ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ հաւաքուածներուն կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.