ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտի Չինար գաւառի Զերզեւան ամրոցը գտնուող ջրամբարին մէջ յայտնաբերուած են 25 մարդոց ոսկորներ, որոնք, ըստ նախնական ուսումնասիրութեան՝ սպաննուած են 1915 թուականին: Ըստ «Ակօս» թերթին՝ դատախազութեան եւ Տիգրանակերտի թանգարաններու տնօրինութեան հնագէտները այդ ոսկորները ուղարկած էին ուսումնասիրութեան: Փաստերը կու գան ապացուցելու, որ ոսկորները կը պատկանին Մարտինի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն սպաննուած հայերուն:
Զերզեւան ամրոցը յայտնի է իբրեւ Մարտինի հայերու կոտորածի հիմնական վայրերէն մէկը եւ շատ յաճախ յիշատակուած է հայ եւ ասորի ականատեսներու յուշերուն մէջ: Զերզեւանի մէջ հայերու սպանութիւնները նկարագրուած են հայր Հիացինտ Սիմոնի «1915. Մի Քահանայի Օրագիր» գիրքին մէջ, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէս դահիճները ամրոցին մէջ սպաննեցին հարիւրէ աւել մարդիկ՝ դանակներով, փայտերով, քարերով, իսկ յետոյ զանոնք նետեցին փոսը:
Զերզեւանի մէջ մարտինցիներու սպանութիւնները ներկայացուած են նաեւ Իվ Թեռնոնի «Մարտին՝ 1915» գիրքին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.