
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Սոչի այցելող վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 24 Փետրուարին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ Սարգսեան կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին անունով նախ շնորհաւորած է ռուս պաշտօնակիցը՝ Սոչիի մէջ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը բարձր մակարդակով կայացնելու եւ ռուս մարզիկներուն արձանագրած յաջողութիւններուն առիթով։
Ռուսիոյ վարչապետը, իր կարգին, ողջունած է ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան Հայաստանի նախագահին ներկայութիւնը:
Երկու երկիրներու վարչապետները քննարկած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն առչուող օրակարգային շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային ոլորտներուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան՝ ներառեալ ելեկտրականութեան, արդիւնաբերական եւ ենթակառուցուածքներու բնագաւառներու միացեալ ծրագիրները:
Տիգրան Սարգսեան նշած է, որ ռուսական ընկերութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան Հայաստանի տնտեսութեան մէջ: «Հայաստանում գործում են հազարից աւելի ռուսական կապիտալով ընկերութիւններ: Ներդրումների ծաւալով Ռուսաստանը մեր երկրում զբաղեցնում է առաջին տեղը: Յոյս ունենք, որ առաջիկայում եւս այդ ներդրումները կը շարունակուեն մեր երկրի տարբեր ոլորտներում», յայտնած է ան:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան աճող ծաւալներու մակարդակին առնչութեամբ եւ վստահութիւն յայտնած, որ անիկա պիտի շարունակուի նոր թափ ստանալ Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին միանալէն ետք: Անոնք նաեւ բարձր գնահատած են Հայաստանի կողմէ Մաքսային միութեան անդամակցութեան «ճանապարհային քարտէզ»ով նախատեսուած նախաձեռնութիւններու իրականացման գործընթացը: Ռուսիոյ վարչապետը նշած է, որ եւրասիական համարկման գործընթացներուն Հայաստանի մասնակցութիւնը նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական ոլորտին մէջ գործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման:
Այս ծիրին մէջ հանդիպման մասնակիցները քննարկած են հաՀՅԴի Շարքերը Համալրուեցան
Նոր Ընկերներովյկական ԱԷԿի գործող ուժանիւթային կառոյցի արդիականացման եւ շահագործման ժամկէտի երկարաձգման աշխատանքներուն, անոր անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, որոնք կը վերաբերին արդիւնաբերական եւ մարդասիրական համագործակցութեան:
Տեսակցութենէն ետք, վարչապետ Սարգսեան յայտնած է. «Արձանագրուեցին այն միջոցառումները, որոնք հայկական կողմն արդէն իրականացրել է: Ռուսական կողմը բարձր է գնահատել մեր աշխատանքային խմբերի գործունէութեան արդիւնքները: Քննարկուեցին նաեւ հարցեր, թէ ինչպէս Ռուսաստանը մեզ պէտք է օժանդակի, որպէսզի «ճանապարհային քարտէզ»ն աւելի արդիւնաւէտ ներդրուի, որովհետեւ անհրաժեշտ են նաեւ գրանտային միջոցներ, որոնք տրամադրուելու են ենթակառուցուածքների ձեւաւորմանը, տուեալների միասնական բազայի ստեղծմանը, ինչպէս նաեւ, որպէսզի ունենանք միասնական ցանցեր: Այդտեղ մենք ակնկալում ենք մեր գործընկերների օժանդակութիւնը»։
Ըստ վարչապետին՝ ռուս իր պաշտօնակիցին հետ քննարկուած յաջորդ կարեւորագոյն հարցը կը վերաբերէր Հայաստանի մէջ «Ռոսնեֆտ» ընկերութեան ներդրումային ծրագիրներուն: «Մենք լսեցինք «Ռոսնեֆտ» ընկերութեան նախագահ Իգոր Սեչինի հաշուետուութիւնը՝ կատարուած աշխատանքների եւ իրենց ծրագրերի մասին: Նախատեսւում է Հայաստանում իրականացնել շուրջ 500 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիր: Մօտակայ շաբաթուայ ընթացքում մենք արդէն առարկայական քննարկելու ենք, թէ ինչ պայմաններ պէտք է ստեղծենք այդ ներդրումների համար, որպէսզի հնարաւորին չափ կարճ ժամկէտում դրանք դառնան իրականութիւն: Բնականաբար, ծրագիրն առնչւում է «Նայիրիտ» գործարանին, քանի որ նոր կառուցուելիք գործարանում հիմնական աշխատողները լինելու են հէնց «Նայիրիտ»ի աշխատողները», հաստատած է ան։
Նշենք, որ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով Տիգրան Սարգսեան ներկայ եղած էր Ողիմպիական խաղերու փակման արարողութեան: Հայաստանի վարչապետը նաեւ կարճատեւ զրոյց մը ունեցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: