ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ժողովը 25 Փետրուարի իր նիստին պիտի քննարկէ «Նայիրիտ»ի հարցով խորհրդարանին մէջ ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու նախագիծը, 24 Փետրուարին սկսած Ազգային ժողովի քառօրեային ընթացքին, այս մասին տեղեկացուցած է խորհրդարանի ղեկավար Յովիկ Աբրահամեանը: Ազգային ժողովի նախագահը յիշեցուցած է, որ տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն չէ տուած ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ ներկայացուած նախագիծին, որով կ՛առաջարկուէր նման ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծել: «ՀՅԴ խմբակցութիւնը, սակայն, հարցը համարել է արտահերթ եւ ներկայացրել է քննարկման: Հարցն առանց քուէարկութեան ընդգրկուել է քառօրեայ նիստերի օրակարգում եւ կը քննարկուի Երեքշաբթի օրուայ նիստի երկրորդ հատուածում», դիտել տուած է Աբրահամեանը:
Յանձնաժողովը պիտի ուսումնասիրէ «Նայիրիտ» գործարանի սեփականաշնորհման կարելիութիւնը, ստանձնած վարկային պարտաւորութիւնները եւ անհրաժեշտ ծաւալով տնտեսական գործունէութիւն չկատարելու պատճառները: Վերոնշեալ յանձնաժողովի ստեղծմամբ պիտի բացայայտուին մատնանշուած խնդիրներու կուտակման պատճառները, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակին համար մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու հիմքերը:
Այս յանձնաժողովի ստեղծման պահանջով 25 Փետրուարին ցոյց մը պիտի կազմակերպեն ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները։
«ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը սատարում է «Նայիրիտ»ի աշխատակիցներին, որոնք Փետրուարի 12ին իրենց պահանջները ներկայացրեցին Հայաստանի նախագահին, եւ միեւնոյն ժամանակ կոչ է անում բոլորին՝ Փետրուարի 25ին, Երեքշաբթի, ժամը 14ին լինել Ազգային ժողովի մօտ, Բաղրամեան 19, միասին սատարելու Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան կողմից Հայաստանի Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու պահանջին, որը ներկայացուելու է հրատապ արտահերթ օրակարգով», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.