ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքը մեծ շուքով նշեց Ս. Սարգիս զօրավարի, անոր որդիին՝ Մարտիրոսի, եւ տասնչորս զինուորներու նահատակութեան ու եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Ուրբաթ, Փետրուար 14ի կէսօրին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի կողմէ կատարուեցաւ աղօրհնէքի արարողութիւն, որուն ներկայ էին երեսփոխանական կազմի անդամները, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեանց անդամները եւ ուխտաւորներ։ Աղօրհնէքի արարողութենէն ետք, տիկնանց միութեան ու հոգաբարձութեան անդամները, ներկայ հաւատացեալ ուխտաւորներուն մասնակցութեամբ, լծուեցան մատաղի պատրաստութեան աշխատանքներուն։
Երկու օրերու վրայ ընթացաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որուն իրենց ներդրումը բերին նաեւ եկեղեցւոյ պատանեաց խմբակցութեան անդամները։ Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ հսկում։
Կիրակի, Փետրուար 16ին, առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, օրուան պատարագիչ առաջնորդը՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իր կողքին ունենալով զոյգ հոգեւորական սպասարկողներ՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան եւ հիւրաբար Արեւմտեան թեմ գտնուող Արմէն քհնյ. Մելքոնեան, թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի։
Պատարագիչ առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղելէ առաջ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութեան առթիւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին, տիկնանց միութեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին։ Սրբազան հայրը նաեւ ողջունեց եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններուն ու իրենց հարազատներուն ներկայութիւնը։
Առաջնորդը իր հայրական պատգամը ուղղեց բոլոր հաւատացեալ ուխտաւորներուն՝ քարոզի բնաբան ունենալով սուրբին հետեւեալ խօսքերը.
«Երբ զօրացած էք Աստուծոյ հաւատքով եւ Ս. հոգիով, այն ատեն ոչ մէկ ուժ կարող է յաղթանակել ձեզ, որովհետեւ յաղթանակը բարիին եւ ճշմարիտին է եւ վերջնական յաղթանակը եւ փառքը արարիչ Աստուծոյ կը պատկանի»։
Սրբազանը իր պատգամով նախ անդրադարձաւ Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքին, անոր հաւատքի զօրութեան ու նահատակութեան։ Ապա, բոլոր ուխտաւոր հաւատացեալները հրաւիրեց Ս. Սարգիս զօրավարի հաւատքով հոգեպէս զօրանալու եւ մեր առաքելութեան ու ծառայութեան ընթացքին մեր «ես»ը կամ մեր անձը մէկդի դնելով՝ փառաւորելու զԱստուած։
Անդրադառնալով Ս. Սարգիս զօրավարի կրած չարչարանքներուն եւ տառապանքներուն՝ առաջնորդը յիշեցուց, թէ բոլոր սուրբերը, ի տարբերութիւն պարզ մարդոցմէ, «հոգիով լուսաւոր եւ պայծառ էին, իսկ իրենց հաւատքը՝ ամուր եւ տոկուն»։
Ապա օրուան տօնախմբութեան անդրադառնալով՝ սրբազանը ըսաւ. «Ի՛նչ ալ ըլլան պայմաններն ու պարագաները մեր կեանքին, միշտ բարիին պիտի նայինք, ճշմարիտին հետեւորդը պիտի ըլլանք, որովհետեւ մենք ճշմարիտ աշակերտները պէտք է մնանք անոր, որ իբրեւ փրկիչ եկաւ աշխարհ եւ մեզի ինքզինք յայտնեց՝ ըսելով. «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»»։
Իր քարոզի աւարտին, սրբազանը ներկայ ուխտաւորները հրաւիրեց Տիրոջ աղօթք բարձրացնելու, «մանաւանդ մեր սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որպէսզի անոնք համբերութեամբ տոկան ամէն տեսակի դժուարութեանց եւ նեղութեանց», ու խաղաղութիւն հաստատուի Սուրիոյ մէջ:
Մատաղօրհնէքի եւ հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակից դարձաւ հիւրաբար Միացեալ Նահանգներ գտնուող Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեան։
Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ երկրաւոր կեանքէն առյաւէտ բաժնուած եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհական նուիրեալ սպասաւորներուն, որոնց կարգին՝ եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Անդրէասեանի, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմի, տիկնանց միութեան եւ յարակից մարմիններու ննջեցեալ անդամ-անդամուհիներու։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը եւ ներկայ հոգեւորականները «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր դպրաց դասի ու ներկայ հաւատացեալներու եւ պաշտօնական հիւրերու մասնակցութեամբ՝ երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգը։ Աւարտին, առաջնորդը օրհնեց եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ուխտաւոր ժողովուրդին։
Ներկաները, օրուան հոգեպարար արարողութիւններով եւ օրհնաբեր խօսքերով լիցքաւորուած՝ օրհնուած մատաղ առնելով մեկնեցան։
Ապա, եկեղեցւոյ «Անտոն Անտոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած աւանդական սիրոյ ճաշը, ուր սրբազանին կողքին ներկայ էին Սուրէն արքեպիսկոպոս, քահանայ հայրերը, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ իր ընտանիքով, հովանաւորներ, նուիրատուներ, հոգաբարձուներ, երեսփոխաններ եւ այլ հրաւիրեալներ։
Առաջնորդին կողմէ սեղանի օրհնութենէն ետք, բարի գալուստի խօսքեր ուղղեցին հոգաբարձութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանն ու հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը, ապա ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարի կրտսեր զաւակը՝ Հրակ Կիտցինեան, գլխաւոր բարերարը՝ Սարգիս Կիտցինեան եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան՝ շնորհաւորելով օրուան տօնախմբութիւնը։
Աւարտին, առաջնորդ սրբազան հօր շնորհաւորական եւ գնահատանքի ջերմ խօսքերէն ետք, «Պահպանի»չ աղօթքով իր աւարտին հասաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան հանդիսաւոր տօնախմբութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.