Հինգշաբթի, 20 Փետրուարի երեկոյեան Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական նիստ-հանդիպում մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հրաւէրով:
Նիստին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ գործող յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուները, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ կրթական, մշակութային, սկաուտական, ուսանողական, երիտասարդական եւ հայրենակցական կազմակերպութիւններու, մամլոյ եւ հայկական լրատուամիջոցներու ներկայա-ցուցիչները:
Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչները լսեցին մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի զեկուցումը 2014-2015 ժամանակահատուածին Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն մասին: Սեդա Խտըշեան յստակացուց, որ ծրագիրի այս նախագիծը տակաւին որոշ բիւրեղացումի կը կարօտի եւ նախագիծին ուղղութեամբ այն կազմակերպութիւնները, որոնք առաջարկներ ունին, կրնան յղել մարմինին:
Մարմինին ատենապետը յստակացուց նաեւ, որ մարմինը ունի աշխատանքի հիմնական ուղղութիւններ, որոնք կը վերաբերին գաղութին մէջ տարբեր միութիւններու կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքներու համակարգումին, ձեռնարկներու, ոգեկոչումներու եւ քաղաքական ու մշակութային բնոյթի նախաձեռնութիւններու եւ Հայաստանի պետական յանձնաժողովին հետ համագործակցաբար իրականացուելիք ծրագիրներու:
Ապա, մարմինին ատենապետը պատասխանեց ժողովականներու հարցումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.