ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ռուսական «Կոմսոմոլսքայա Փրաւտա» լրատուամիջոցը վերոյիշեալ խորագիրով անդրադարձած է 26 տարի առաջ Սումգայիթի մէջ հայերուն դէմ կատարուած ջարդերուն: Թերթը իր յօդուածին մէջ օգտագործած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Ռուբէն Զարգարեանի յիշողութիւնները: «Ատրպէյճանական ԽՍՀ Սումգայիթ քաղաքին մէջ, 26 տարի առաջ՝ 1988 թուականի Փետրուարի 27-29ին կատարուեցաւ ցեղասպանական աքթ՝ քաղաքի հայկական բնակչութեան նկատմամբ: Ատրպէյճանական իշխանութիւններու նպատակադրուած եւ ծրագրուած աջակցութեամբ եւ ԽՍՀՄ ղեկավարութեան թոյլտուութեամբ, կատարուեցան հայերու զանգուածային ջարդեր, սպանութիւններ, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ, որոնք իրենց վայրենութեամբ ու դաժանութեամբ ցնցեցին միջազգային հանրութիւնը», գրած է թերթը։
Լրատուամիջոցը նշած է, որ Սումգայիթի կոտորածը արձագանգ էր Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի օրինական կամքի արտայայտութեան՝ միանալու Հայաստանին, որուն անբաժան մասը եղած է հազարաւոր տարիներու ընթացքին՝ մինչեւ խորհրդայնացումը: Ռուսական աղբիւրը նշած է, որ հայերու սպանութիւններուն նպատակն էր արգելափակել խնդրի լուծումը ԽՍՀՄ կեդրոնին մէջ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը վախցնել արիւնալի նոր հաշուեյարդարներու հեռանկարով՝ ստիպելով զանոնք հրաժարելու ազատութեան եւ արժանապատիւ կեանքի բնական իրաւունքներէն:
«Կոմսոմոլսքայա Փրաւտա»ն մանրամասնօրէն անդրադարձած է Սումգայիթի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու զարգացման եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.