ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Նշանաւոր դերասան Վարդան Պետրոսեան ծննդեան 55րդ տարեդարձը նշեց Դատապարտեալներու հիւանդանոցին մէջ, որուն մօտ հաւաքուած էին դերասանի երկրպագուներն ու աջակիցները՝ փորձելով Վարդանին փոխանցել իրենց նուէրները, շնորհաւորական բացիկները: Հաւաքուածները իրենց զայրոյթը կը յայտնէին, որ առանց մեղաւոր ըլլալը հաստատելու, դերասանը աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր կը պահուի ճաղերու ետին։ Ֆրանսայէն եկած Շանթ Ոսկերիչեանի համաձայն՝ ասիկա իշխանութիւններուն վրէժն է Վարդան Պետրոսեանի ընդդիմադիր մօտեցումներուն համար:
«Վարդան Պետրոսեան երկրէն փախչողը չէր. եթէ նոյնիսկ իրեն 10, 20 տարի դատապարտեն, ինք արդէն ինքզինք դատապարտուած կը զգայ հոգեպէս», դիտել տուած է Ոսկերիչեան:
Գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան ըսած է, թէ իրաւական հիմք չկայ զայն ազատ արձակելու համար: «Անազատութեան մէջ են պահում, քանի որ Վարդանի խօսքը շատ ազդու է, չեն ուզում, որ Վարդանի նման մարդը ազատութեան մէջ լինի», ըսած է ցուցարար մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.